ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկեան «Ուըրլտ Թրիպիուն» թերթին համաձայն՝ Ծոցի երկիրները եւ յատկապէս Քաթար ու Սէուտական Արաբիա, վերջերս չեչեն վարձկան զինեալներ «գործուղած» են Սուրիա, պատերազմելու համար նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ: Ըստ նոյն աղբիւրին՝ միայն Փետրուար ամսուան ընթացքին, 17 չեչեններ սպաննուած են Հալէպի մօտակայքը:
Միւս կողմէ, Սուրիական ազատ բանակը կոչ ըրած է ոչ սուրիացիներուն, որ ընդդիմութեան օժանդակեն միայն նուիրատուութեամբ եւ զինամթերք հայթայթելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.