
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ», «Ռոյ-թըրզ».- «Արաբական գարուն»ը, արաբեւիսրայէլեան հարցը եւ սուրիական տագնապը իր արտաքին դիւանագիտութեան համար իբրեւ խաղաքարտ օգտագործող Թուրքիան հետզհետէ կը բացայայտէ իր իսկական դիմագիծը, ուր ակներեւ է, թէ իր յայտարարութիւններն ու քայլերը խոտոր կը համեմատին իրարու:
Արդարեւ, այն միջոցին, երբ Տոհայի Արաբական վեհաժողովը որոշեց մօտերս այլ վեհաժողով մը գումարել՝ դրացի երկիրներուն մէջ սուրիացի գաղթականներու բաշխման համակարգումին գծով, 600-700 սուրիացի գաղթականներ վտարուեցան Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած իրենց գաղթակայանէն: Թրքական աղբիւրներ արտաքսումի այս քայլին բացայայտ պատճառը կը վերագրեն սուրիացի գաղթականներու պոռթկումին եւ բողոքի ելոյթներուն, որոնք ծայր առած են Ուրֆայի մէկ գաղթակայանին մէջ ծագած հրդեհին պատճառով:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հերքեց, թէ թրքական իշխանութիւնները սուրիացի գաղթականներ արտաքսած են՝ նշելով, որ 60-70 գաղթականներ իրենց կամքով վերադարձած են իրենց «ազատագրուած» շրջանները՝ Սուրիոյ մէջ:
Սակայն, գաղթակայանին մօտիկ աղբիւրներու համաձայն՝ թրքական իշխանութիւնները արտաքսած են նշեալ բողոքի ցոյցերուն մասնակցած սուրիացիները: Շարունակուող քննութիւններու լոյսին տակ, սուրիացի գաղթականներու նոր խումբ մը եւս կրնայ արտաքսուիլ, եթէ հաստատուի անոնց մասնակցութիւնը ցոյցերուն:
ՄԱԿի բանբեր մը խիստ մտահոգութիւն յայտնած է այս գծով:
Մինչ այդ, Տաւութօղլու նաեւ պնդեց, որ Թուրքիա աւելի քան 400 միլիոն տոլար ծախսած է 188,387 սուրիացի գաղթականներ պատսպարելու համար՝ նշելով, որ այս ծիրին մէջ միայն «չնչին գումար մը» ստացած է Սէուտական Արաբիայէն:
Սուրիոյ մէջ ապահովական վիճակի գահավիժող վատթարացումին առընթեր, ենթահող կը պատրաստուի նոյնքան վնասակար ու մտահոգիչ պատերազմի նոր ճակատի մը՝ տնտեսական տագնապին: Արդարեւ, երկամեայ բախումներուն եւ արիւնահեղութեան պատճառով, բազմահարիւր սուրիացիներ երկրին գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ կը տառապին ապրուստի անտանելի պայմաններէն եւ սղաճէն: Սուրիական դրամը, հակառակ պաշտօնական պատկան կողմերու փրկարար միջամտութիւններուն, կը շարունակէ իր նահանջը՝ հաւանական սնանկացումի մտավախութիւններ յառաջացնելով սուրիացի առեւտրականներուն մօտ: Մարտ 28ի տուեալներով՝ մէկ տոլարը սուրիական շուկաներուն մօտ կ՛արժէր 125 սուրիական թղթոսկի:
Քաղաքական գետնի վրայ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով բուռն կերպով քննադատեց Արաբական լիկային մէջ Սուրիոյ աթոռը ընդդիմութան յանձնելու քայլը՝ զայն նկատելով Ժընեւի համաձայնութեան տրամադրութիւններուն հակասող ու խաղաղութեան ճիգերը արգելակող խոչընդոտ մը:
Նաեւ, Հալէպի մէջ վերջերս քիմիական զէնքերու գործածութեան հաւանականութեան եւ գործածող կողմին ստուգման համար կազմուած միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբը, յառաջիկայ շաբաթ պիտի ժամանէ Սուրիա: Հետաքննութիւնը պիտի ընդգրկէ նաեւ Հոմսը, Օթէյպան եւ Խան Ասալը: Սուրիա համաձայն գտնուեցաւ շուէտացի քիմիագէտ Աքի Սերեսթրոմի նշանակման՝ իբրեւ նշեալ յանձնախումբի նախագահ: