
Ուրբաթ, Ապրիլ 19ին, Նիւ Եորքի «Քարնըկի» համալիրի «Ուէյլ Ռեսիթըլ» (Weill Recital) սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8ին, պիտի կայանայ ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի առաջնորդարանի կազմակերպած երաժշտական ձեռնարկը, ծանօթ՝ «Միւզիքըլ Արմինիա» (Musical Armenia) անունով:
Յաջորդաբար 30րդ անգամն ըլլալով, կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը, որուն նպատակն է քաջալերել, խթանել եւ խանդավառել երիտասարդ հայ երաժիշտներ:
Այս տարուան երիտասարդ աստղերն են ջութակահար Նունէ Մելիքեան եւ սոփրանօ երգչուհի Նարինէ Օճախեան:
Նշենք, թէ անցեալ տարի ելոյթ ունեցան թաւջութակահար Մարթա Բագրատունի (հանրածանօթ թաւջութակահար Սուրէն Բագրատունիի զաւակը) եւ դաշնակահար Հայկ Արսէնեան:
Վերջին տարիներուն, սոյն ձեռնարկին մասնակցած են պրազիլահայ կիթառահար Խուան Գույումճեան, թաւջութակահար Դաւիթ Պաքամճեան, ջութակահար Սիսի Փանթիկեան, «Duo Maestoso» զոյգը՝ քոյր եւ եղբայր՝ Կայանէ եւ Յովհաննէս Առաքելեաններ, «Զուլալ» (Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թէքէրեան) երրեակը, օփերայի երգիչ Սերժ Բարսեղեանը եւ «Արարատ» երրեակը՝ Փաթիլ Հարպոյեան, ջութակահար Վան Արմէնեան եւ թաւջութակահար Հրանդ Պարսամեան: