ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ծանօթ ու անծանօթ անձեր յաճախ ՀՕՄի գրասենեակ կÿայցելեն, իրենց կարիքներուն համար օգնութիւն կը ստանան, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կը կատարեն եւ սրտագին օրհնութիւններ ու երախտագիտութիւններ յայտնելով կը հեռանան: Նման իրողութիւնները սրտի անհուն գոհունակութիւն կը պարգեւեն պաշտօնէութեան:
Ութ տարիներ է կը գործեմ ՀՕՄի գրասենեակէն ներս եւ բազմաթիւ նման դէպքեր ու դէմքեր տեսած եմ: Սակայն ամենատպաւորիչը ինծի համար եղած է ընկերուհի Վիքթորիա Պաղտասարեանը, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, պարբերաբար ՀՕՄի գրասենեակ այցելելով սրտաբուխ իր նուիրատուութեան ծրարը կը յանձնէ, շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՕՄին եւ սուսիկ-փուսիկ կը հեռանայ:
Վերջերս ան դարձեալ այցելեց մեզ: Ցուպը ձեռին, դանդաղ քալուածքով եւ ժպտադէմ փորձեց գրասենեակի դուռը բանալ: Ոգեւորութեամբ դիմաւորեցի զինք եւ մենք ուրախութեամբ ողջագուրուեցանք: Ընկերուհին նստաւ դրան մօտ գտնուող աթոռին վրայ, մի քանի վայրկեան հանգստանալէ ետք, պայուսակը բացաւ եւ այս անգամ երկու ծրար յանձնեց ինծի ըսելով. «Աղջիկս, առաջին ծրարին մէջ Արցախի, æաւախքի եւ Վանաձորի որբերուն համար խնայած իմ փոքրիկ նուիրատուութիւններն են, իսկ երկրորդը՝ տարետուրքս է»:
Ընկերուհին ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի անդամ է: Հիացած նայեցայ իրեն. քիչ մը հանգստանալէ ետք, խնդրեց ընկերանալ իրեն մինչեւ ինքնաշարժ: Վերելակին մէջ ընկերուհին մտահոգութիւն յայտնեց ամուսինին մասին:
«Տունէն չեմ կրնար երկար բացակայիլ: Ամուսինս ծերացած է եւ իմ օգնութեան կարիքը ունի», մտահոգութեամբ յայտնեց ան:
Ապշած ակնարկ մը նետեցի անոր վրայ: Տարեց մեր այս սիրելի ընկերուհին, իր անձը մոռցած, ամուսինին գուրգուրանք կը ցուցաբերէր: Հիացմունքս կր-կնապատկուեցաւ:

Փորձեցի օգնել, որ ինքնաշարժ նստի, մերժեց: Ինքնավստահութեամբ տեղաւորուելէ ետք, աթոռին վրայի տուփը յանձնեց ինծի ըսելով. «Ծանր էր, վախցայ չկարենամ վեր հանել: Ազգօգուտ աշխատանք կը տանիք: Վարձքերնիդ կատար: Անուշեղէն է, քաղցրացուցէք ձեր բերանը: Աստուած երիտասարդներուն ոյժ եւ կարողութիւն տայ, որպէսզի ՀՕՄը գոյատեւէ», ըսելով ինքնաշարժի դուռը փակեց ու մեկնեցաւ:
Վայրկեան մը անշարժ մնացի: Հպարտանք զգացի ընկերուհի Վիքթորիայի նման հայուհիի մը ծանօթացած ըլլալուս համար: Ընկերուհի մը, որ շատո՜նց հանգստեան կոչուած էր, սակայն ազգասիրութեան եւ բարեգործութեան ոգին արմատացած կը մնար իր էութեան մէջ: Ահա, հայուհիի իրաւ տիպար, որ իր խնայողութենէն բաժին կը հանէ կարօտեալին, նիւթական իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ իր սիրելի կազմակերպութեան հանդէպ, երիտասարդները կ՛օրհնէ, որպէսզի բարեսիրական այս կազմակերպութեան աշխատանքները շարունակեն եւ աւելի՛ն, գրասենեակի պաշտօնէութեան աշխատանքը գնահատելով, անոնց անուշեղէնով կը հիւրասիրէ:
ՀՕՄականի հպարտանքով գրասենեակս բարձրացայ եւ որոշեցի անպայման ընկերուհիին տիպարը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել:
Քանի մը օրեր անց, կարծէք առ ի պատասխան ընկերուհի Վիքթորիայի օրհնութիւններուն, երկու ուսանողուհիներ Արին Մեսրոպեան եւ Նայիրի Յակոբեան արձագանգելով ՀՕՄի յայտարարութեան, գրասենեակ ներկայացած էին հետեւելու ՀՕՄի վարժողական ծրագրին: Երկու երիտասարդուհիներ, որոնք ազգասիրութենէ մղուած անձնազոհութեամբ եւ հաւատքով իրենց ազատ ժամերը կը տրամադրեն ՀՕՄին եւ անոր ընդմէջէն հայ ժողովուրդին:
Ի՜նչ ուրախալի երեւոյթ, որ միայն ՀՕՄի մէջ կրնայ պատահիլ: Այն կազմակերպութեան, որ 103 տարիներ առաջ ծնունդ առաւ իր ժողովուրդին համար եւ միշտ եղաւ իր ժողովուրդին հետ: Ձեռք երկարեց կարօտեալին, Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ որբերուն երդիկ ապահովեց, աշխարհատարած բարեսիրական կազմակերպութիւն դառնալով, այսօր 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական հսկայական աշխատանք կը տանի նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին մէջ:

Ընկերուհի Վիքթորիա Պաղտասարեանի օրինակը մէկն է այն բիւրաւոր հայուհիներուն, որոնք մարդասիրական իրենց պարտականութիւնը լուռ ու մունջ կատարելով յաւերժութիւն կը պարգեւեն Հայ Օգնութեան Միութեան:
Փառք ու պատիւ բոլոր այն մայրերուն, որոնք նման անձնազոհ հայուհիներ աշխարհ բերին: Յարգանք բոլոր այն ՀՕՄուհիներուն, որոնք ՀՕՄի շարքերուն ընդմէջէն նուիրումով ծառայեցին եւ կը շարունակեն ծառայել իրենց ազգին, հայրենիքին ու մարդկութեան:
Ուրախ եմ փոխանցելու, թէ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, հրաշագործ այս կազմակերպութեան 103րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպած է երեք յատկանշական ձեռնարկներ, որոնք գեղեցիկ առիթներ պիտի հանդիսանան երախտագիտութիւն յայտնելու բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, անհատներուն եւ ՀՕՄականներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին իրականացնելու ՀՕՄի առաքելութիւնը:
Այո, Ապրիլի առաջին շաբաթավերջը յատկանշական պիտի ըլլայ ՀՕՄի մեծ ընտանիքին համար: «Սերունդէ սերունդ» կարգախօսով, երեք օրեր շարունակ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին նշելու մեծութիւնը այս օգտարար կազմակերպութեան:
Ա.- Կալա 2013: Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2013, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլ Հիլթըն պանդոկի սրահը, որուն ընթացքին պիտի պարգեւատրուին ՀՕՄի մասնաճիւղերու տարուան գործունեայ անդամուհիները:
Բ.- ՀՕՄականներու պարգեւատրման ձեռնարկ: Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2013, կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, ՀՕՄի Կեդրոնը, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202: Միայն ՀՕՄականներու:
Գ.-ՀՕՄի Օրուան հրապարակային հանդիսութիւն: Կիրակի, 7 Ապրիլ 2013, երեկոյեան ժամը 6ին, First Baptist Church of Glendale, 209 North Louise St., Glendale, CA 91206: Մուտքը՝ ազատ:
Ես կասկած չունիմ, որ շրջանի հայութիւնը խուռներամ ներկայ պիտի գտնուի յատկապէս Կիրակի, 7 Ապրիլի ձեռնարկին, որպէսզի վերջապէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնէ հայ ժողովուրդին միշտ ծառայած այս հսկայ կազմակերպութեան, որուն ստեղծումը փրկարար եղաւ մեր ագին համար:
ՀՕՄը բոլորիս կազմակերպութիւնն է: