ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 28ին լրացաւ 28րդ տարելիցը հայ ազգային-ազատագրական շարժման դաշնակցական դրօշակիրներէն Սարգիս Զէյթլեանի անարգ առեւանգումին:
1985ի այդ օրը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, հայանուն բայց ազգադաւ ուղեղ մը յղացաւ, պատուիրեց ու օտարի ձեռքով իրագործեց առեւանգումը Մարդու, Հայու եւ Դաշնակցականի յանդուգն մարմնաւորումը հանդիսացող Սարգիս Զէյթլեանի:
Դաշնակցութեան ղեկավար վերջին սերունդի այս ակնառու ներկայացուցիչին առեւանգման եւ սպանութեան անարգ ոճիրին պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» անունին տակ թաքնուած հակադաշնակցական տարրերուն վրայ:
Բայց որքան ժամանակը կը թաւալի, այնքան հայոց յիշողութեան մէջ Մարտ 28ը անդին կ՛անցնի գործուած վատոգի ոճիրին առթած ընդվզումէն եւ կը զգենու Սարգիս Զէյթլեանի անմեռ յիշատակը ոգեկոչելու, Գաղափարի Մարտիկի անոր աւանդով ու վաստակով հաղորդուելու եւ վերանորոգուելու օրուան նշանակութիւն:
Բազմաշնորհ տաղանդով օժտուած ղեկավար գործիչը եղաւ Ս. Զէյթլեան, որ 1930ին ծնած էր պատմական Մուսա Լերան Խտըր Պէկ գիւղը: Մեծ մայրը՝ Վարդերը, 1915ի Մուսա Լերան հերոսամարտին կռուած հայ հերոսուհիներէն էր: Հայրը՝ Թովմասը, հերոսամարտի շրջանին տակաւին պատանի, իբրեւ սուրհանդակ մասնակցած էր թրքական յարձակման դէմ մղուած մարտերուն, իսկ երեք տարի ետք, միանալով Ֆրանսական բանակի կողքին կազմուած Հայկական Լեգէոնին, մասնակցած էր 1918ի Արարայի յաղթական ճակատամարտին:
Բառին իրաւ եւ հարազատ իմաստով մուսալեռցի էր Ս. Զէյթլեան: Ուսումն ու հանրային ծառայութիւնը ո՛ւր որ ալ տարին եւ պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ կանգնեցուցին Սարգիս Զէյթլեանին՝ ան միշտ գործեց լեռնական հայ գիւղացիի անեղծ պայծառամտութեամբ, խրոխտ նկարագրով եւ անդրդուելի հայկականութեամբ:
Կեանքը չօգնեց, որ Ս. Զէյթլեան համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանայ: Ստիպուեցաւ բաւարարուիլ Երուսաղէմի Ժառանգաւորացին եւ Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին ջամբած հայագիտական պատրաստութեամբ: Բայց ե՛ւ իր ուսումնատենչութեամբ ու ինքնաշխատութեամբ, ե՛ւ Յակոբ Օշականի, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի ու Կարօ Սասունիի տարողութեամբ մեծ Ուսուցիչներու շունչով կազմաւորուելու իր բախտաւորութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան մտաւորական նախանձելի պաշարի տիրացաւ եւ իր ողջ կեանքը իմաստաւորեց հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, հայ քաղաքական մտքի դեգերումներն ու հայ ազգային ինքնութեան բազմակողմանի զարգացումը ուսումնասիրելու անսպառ եռանդով: Եւ այդ պաշարով՝ Սարգիս Զէյթլեան համարձակ քայլերով իր ուղին հարթեց հայ իրականութեան մէջ:
Բացառապէս Սփիւռքի մէջ գործեց, բայց հայ ժողովուրդի հայրենական կեանքի առօրեան, ազգային-քաղաքական ու հասարակական-մշակութային իր բոլոր երեսներով ու հոգերով, անբաժան մասն ու կիզակէտը դարձուց սփիւռքահայու իր կեցութեան: Միայն իրեն չպահեց գաղափարական ու հոգեմտաւոր այդ ջերմեռանդ առօրեան, այլ անսակարկ բաշխեց իր ընթերցողներուն, իր դպրոցական աշակերտներուն, դաշնակցական իր ընկերներուն եւ, լայն ընդգրկումով, աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան:
Սարգիս Զէյթլեանի կեանքը մնայուն վերելք մը եղաւ հանրային գործունէութեան տարբեր մարզերու մէջ եւ գաղափարական ծառայութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ:
1954ին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ, Եգիպտոս, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»ի խմբագրական կազմին միանալու համար: Մօտէն ծանօթացաւ ու գործակցեցաւ Վահան Նաւասարդեանի ղեկավարութեամբ «Յուսաբեր»ի շուրջ խմբուած հայ մտաւորական փաղանգին՝ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի տարողութեամբ խմբագիրներու հետ: «Յուսաբեր»ի դպրոցին մէջ թրծուեցան Սարգիս Զէյթլեանի ազգայնաշունչ մտաւորականի, քաղաքական կամքի տէր գործիչի եւ դաշնակցական բոլորանուէր առաջնորդի նկարագիրն ու պատրաստութիւնը: Նոյն տարիներուն նաեւ կրթական մշակ եղաւ Գահիրէի Ազգային Գալուստեան վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնակից ունեցաւ իր կեանքի յետագայ ընկերուհին՝ ծանօթ մտաւորական Սոնա Սիմոնեանը:

1958-1959ին, Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան նշանակուեցաւ «Յուսաբեր»ի խմբագիր եւ մնաց այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1962, երբ ընտանեօք վերադարձաւ Լիբանան եւ հաստատուեցաւ Այնճար, ուր ստանձնեց Ազգային Յառաջ վարժարանի տնօրէնութիւնը: Թէ՛ ազգային-գաղափարական շունչով սերունդ հասցնելու, թէ՛ «Յառաջ»ը Գոլէճի մակարդակին բարձրացնելու եւ թէ, ընդհանրապէս, Այնճարի հայութեան հաւաքական կեանքն ու դաշնակցական կազմակերպութիւնը վերաշխուժացնելու առումներով՝ բեղմնաւոր եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան այնճարեան շրջանը:
1966ին ընտանեօք հաստատուեցաւ Պէյրութ: Կարճատեւ շրջանի մը համար միացաւ ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, միաժամանակ՝ պատասխանատու պաշտօն վարեց Համազգայինի մէջ: Շուտով եղբայրներուն հետ ընտանեկան գործ հաստատեցին ազատ ասպարէզի մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւնը ընձեռեց Սարգիս Զէյթլեանի, որպէսզի լիաժամ նուիրուի մտաւորական աշխատանքի եւ ազգային-կուսակցական եռուն գործունէութեան:
Ընտրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) անդամ, ստանձնեց նաեւ ԿԿի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը եւ, միաժամանակ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի կողքին խմբագիր նշանակուեցաւ 1969ին իր վերահրատարակութիւնը սկսած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին:
Պատասխանատուութեան այդ զոյգ մակարդակներուն վրայ Սարգիս Զէյթլեան եղաւ ճառագայթող ներկայութիւն: Իր ղեկավարութեամբ՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կ. կոմիտէն քաղաքական մեծ յաջողութիւններ նուաճեց պետական-քաղաքական կեանքի մէջ ներգործօն դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի հետապնդման ճակատներուն վրայ:
«Դրօշակ»ի էջերուն իր հրապարակած խմբագրականներով եւ ազգային-քաղաքական յօդուածաշարքերով, Ս. Կալեան եւ Ս. Զէյթլեան ստորագրութիւններով, հիմնական ներդրում ունեցաւ մեր ժամանակներու հայ ազգային գաղափարաբանութեան եւ Հայ Դատի պայքարի դաշնակցական ռազմավարութեան մշակումին ու հունաւորումին մէջ:
Տեսակէտ ունեցող, ուղի հարթող եւ գաղափարական պայքար առաջնորդող հեղինակութիւնը եղաւ Սարգիս Զէյթլեան, որ իբրեւ այդպիսին, 1972ին, ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր ժողովին, ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ այդ պատասխանատուութեան վրայ, անսակարկ նուիրաբերումով, գործեց եւ ուղի հունաւորեց մինչեւ վերջին շունչ՝ մինչեւ իր դէմ գործուած առեւանգումի եւ սպանութեան անարգ ոճիրը:
Բիւրոյական իր գործունէութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան ոչ միայն դաշնակցական աշխարհասփիւռ մամուլին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնեց եւ անոր արդիականացման եւ ուժեղացման մէջ վճռորոշ ներդրում ունեցաւ, այլեւ՝ իր առանձնայատուկ դրոշմը դրաւ ՀՅԴ Ծրագրի այժմէական վերամշակումին ու վերահաստատման մէջ.- Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդներուն, ազգային-յեղափոխական եւ ընկերվարական-ժողովրդավարական ակունքներուն վերաթարմացման մէջ տիրական եղաւ Ս. Զէյթլեանի աշխոյժ մասնակցութիւնը:
Հիմնական եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ սփիւռքահայ առօրեայի ՀԱՅՐԵՆԱՑՄԱՆ մեծ գործին մէջ:
Իր ճիգերուն եւ հետեւողականութեան շնորհիւ, սփիւռքահայ մամուլի եւ ընդհանրապէս դաշնակցական մտածողութեան առօրեայ դաշտը դարձան հայրենական կեանքի զարգացումները, դիմագրաւած խնդիրները եւ անոնց ազգային-քաղաքական լուսարձակով անդրադարձներն ու քննարկումները:
Այդպէ՛ս, ի հեճուկս հայրենիքին պարտադրուած խորհրդային կարգերուն եւ ընդդէմ պետականօրէն գործադրուող խորհրդային ուծացման եւ ապազգայնացման բոլոր ճնշումներուն ու հալածանքներուն, հայրենի հայութեան ազգային զարթօնքի պոռթկումները առաջնահերթ կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ պահուեցան: Իր ջանքերուն շնորհիւ էր, նաեւ, որ Դաշնակցութեան քաղաքական եւ կազմակերպական առաջին քայլերը նետուեցան Դէպի Երկիր…
Սփիւռքի հայութեան 1970ականներու քաղաքական եւ յեղափոխական զարթօնքին մէջ, որուն առաջատար շարժիչը եղաւ Դաշնակցութիւնը, ՀՅԴ Բիւրոյի հաւաքական պատասխանատուութեան ներշնչումով, Սարգիս Զէյթլեան իր յատուկ ներդրումը ունեցաւ հայրենի երիտասարդ գործիչներու եւ ազատախոհ մտաւորականութեան հետ կապերու հաստատման ու սերտացման մարզին մէջ: Այդ մասին վկայութիւնները չեն պակսիր 1988էն ետք հրապարակ իջած հայրենի գործիչներու բանաւոր թէ գրաւոր խոստովանութեանց մէջ:

Մարտ 28 է դարձեալ եւ հայոց յիշողութեան պաստառին կ՛ուրուագծուի խրոխտ դէմքը Սարգիս Զէյթլեանի՝ յիշեցնելով ու շնչաւորելով ժամանակի մաշումին դիմացող եւ այժմէական թարմութեամբ յորդ իր գաղափարներն ու պատգամները:
Ահա՛ 1980ին գրուած եւ ատենին, ինչպէս այսօր, այժմէական հնչեղութիւն ունեցող հայեւթուրք երկխօսութեան յանկերգին վերաբերեալ Սարգիս Զէյթլեանի պատգամը, որ հատուածաբար առնուած է «Դրօշակ»ի էջերուն լոյս տեսած խմբագրականէն՝ «Երկխօսութիւն… (Հայեւթուրք տագնապի փարատումին ի խնդիր» խորագրով.
«Հայեւթուրք տագնապի շարունակման եւ այս երկու դրացի ազգերուն միջեւ ամէն երկխօսութեան ուշացման պատասխանատուութիւնը, իր բոլոր երեսներով, կ՛իյնայ բացառաբար թուրք քաղաքական ղեկավարութեան ուսերուն: Հանրայայտ ճշմարտութիւն մը, զոր ոչ ոք կրնայ ուրանալ կամ անտեսել երբեւէ՝ հայութեան այս կամ այն ձեւով որեւէ թելադրանք կամ խորհրդատուութիւն ընելէ առաջ:
«Բոլոր պայմաններու մէջ կեղծ է եւ մաքուր ակունքներէ չի կրնար բխիլ հայեւթուրք երկխօսութեան որեւէ առաջարկ կամ թելադրանք, մինչեւ որ թուրք քաղաքական ղեկավարութիւնը անկեղծօրէն եւ պաշտօնապէս առողջ մօտեցում չցուցաբերէ, իբրեւ հիմ ունենալով հետեւեալ հիմնական նախադրեալները.
«Ա.- Ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը, իբրեւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ազգասպանութեան արարք:
«Բ.- Ճանչնալ հայ ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքը, իբրեւ ազգային եւ քաղաքական ուրոյն միաւոր:
«Գ.- Հաստատել հայ ժողովուրդի ազգային ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ իր հայրենի բնօրրանին մէջ, պատմական ու ազգագրական հիմունքներով ծանօթ հայկական հնաւանդ այն հողամասերուն վրայ, որոնք բռնագրաւուած կը մնան այսօր թուրք պետութեան կողմէ՝ հայ բազմութեանց բռնի արտաքսումէն եւ Հայկական Ցեղասպանութենէն ի վեր:
«Քաղաքական այս շրջագիծէն դուրս հայեւթուրք երկխօսութեան ամէն փորձ անիմաստ է եւ դժուար թէ ի նպաստ հայութեան վերջանայ երբեւէ: Երկխօսութեան որեւէ առաջարկ կամ թելադրանք չի կրնար լուրջ բնոյթ կրել, եթէ զանց կ՛առնուին ամէնէն տարրական այս նախադրեալները, քաղաքական տարրական փորձառութեան եւ ազգային հասունութեան տէր որեւէ ազգի կամ ղեկավարութեան համար»:
Նաեւ մեր օրերուն ու բոլոր ժամանակներուն հայ քաղաքական միտքը առաջնորդող՝ «Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր» դաւանանքին պատգամաբերը եղաւ Սարգիս Զէյթլեան:
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ