
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան 5 Ապրիլին Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեանին հետ մասնակցած է «Ծիրանի գենետիկական ռեսուրսների պահպանում եւ օգտագործում» ծրագիրի ծիրին մէջ հայկական ծիրանենիի տեսականիի այգիի հիմնարկէքին եւ առաջին ծիրանենին տնկած է: Այս մասին յայտնած է գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան «Երկրագործութեան գիտական կենտրոն» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութեան 5 հեկտար տարածքի վրայ ՄԱԿի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան աջակցութեամբ հիմնած նոր այգիին մէջ հետագայ օգտագործման համար պիտի պահուին ծիրանենիի 82 տեսակներ:
Ներկայացնելով ծրագիրի կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան համար, Գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան նշած է, որ ծիրանենիի հունտի պաշարները հաւաքելէ ու պահպանելէ բացի, այս ծրագիրը պիտի խթանէ ու ամրապնդէ նշեալ պտուղի արտադրութեան կայուն հիմքերը Հայաստանի մէջ: «Ծիրանենին, գիւղատնտեսութեան համար ունի կարեւոր դերն ու նշանակութիւն ունի, քանի որ վերջինիս պտուղը հիմնական բնամթերք է ինչպէս վերամշակող եւ արտահանող կազմակերպութիւնների, այնպէս էլ երկրի բնակչութեան համար: Տարէցտարի աւելանում են ծիրանենու այգետարածքներն ու դրա հետ էլ՝ վերջինիս արտադրութիւնը: Հանրապետութեան ծիրանենու այգիները, որոնք ներկայումս շուրջ 10 հազար հեկտար են, յառաջիկայում աւելանալու միտում ունեն», յայտնած է ան՝ շեշտելով, որ այգին բաց պիտի ըլլայ բոլոր գիտնականներուն, հետազօտողներուն, ինչպէս նաեւ արտադրողներուն դիմաց:
Ցուցադրուած այգիներուն մէջ պիտի ներկայացուի նոր երկրագործական ձեւերու կիրառումը, եւ պիտի կազմակերպուին երկրագործներու յատուկ դասընթացքներ: Արտադրական արժէքէն բացի այս այգիները պիտի օժանդակեն նաեւ զբօսաշրջութեան խթանման, մանաւանդ որ մինչեւ Յուլիս նախատեսուած է հիմնել նմանատիպ հինգ այգիներ եւս:
Հիմնարկէքի մասնակցողները առաջարկած են այդ տարածքը ներառել պետութեան կողմէ պահպանուող յատուկ տարածքներու ցանկին մէջ: