ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Փիլիպոս» վարժարանի աշակերտները 32 մետալներ խլած են Հարաւային Քալիֆորնիոյ ոչ պետական վարժարաններու միջեւ Փետրուար 2ին կայացած զարգացման մրցումին ընթացքին՝ իրենց բաժանմունքին մէջ երրորդը հանդիսանալով 7 վարժարաններու ընդմէջէն:
Միշըն Հիլզ կայացած մրցումին ընթացքին աշակերտները պատասխանած են 10 մարզերու առնչուող հարցումներու:
Վարժարանը ներկայացնող խումբին մաս կը կազմէին 9 աշակերտներ՝ Նանօր Գասապեան, Մարիամ Գէյսիմոնեան, Անի Տանկազեան, Բրենի Այվազեան, Արմէն Ղազարեանց, Ռուբէն Սարգիսեան, Մայքըլ Սրուրեան, Աննա Ազիզեան եւ Արման Պարսամեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.