Հինգշաբթի Ապրիլ 4, 2013ին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը Ապրիլեան յիշատակի 98րդ տարելիցի Ոգեկոչման ձեռնարկներու բացումը կատարեց առաւօտեան, վարժարանիս շրջափակէն ներս: Պաշտօնական բացման հանդիսութեամբ վարժարանիս աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ տնօրէնութիւնը իրենց խորհրդաւոր մասնակցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին մեր նահատակ նախնիներու յիշատակին:
Հանդիսավար տիկին Աբանեան պաշտօնապէս յայտարարեց ձեռնարկի բացումը եւ հրաւիրեց վարժարանիս աշակերտական խորհուրդի նախագահ Արմէն Սաֆարեանն ու Հայկական ակումբի նախագահ Թամար Ղարիպեանը, որոնք աշակերտները առաջնորդեցին խմբային աղօթքի եւ հայկական ու ամերիկեան քայլերգներու կատարման:
Ապա անգլերէնով օրուան խորհուրդը փոխանցեց Վարդան Միքայէլեանը: Ան աշակերտներուն բացատրեց պայքարի եւ գոյատեւելու անհրաժեշտութիւնը՝ անոնց մէջ ազգային ոգին վառ պահելու պահանջը ներկայացնելով: Հայերէն լեզուով իր պատգամը տուաւ տիկին Մատարեան: Յստակ կերպով ան եւս շեշտեց հայ ժողովուրդի տառապանքին ծալքերը եւ այսօր նոր սերունդի ուսերուն բարդուած ծանր պարտականութիւնը: Ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ պատրաստ պէտք է ըլլայ ամէն գնով պայքարելու եւ արդիական միջոցներով ու նոր հնարքներով ձեւեր որոնելու՝ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման համար:
Ապա քսանմէկ աշակերտներ հերթով կանգնած՝ պաստառներու վրայ ներկայացուցին բոլոր այն երկիրները, որոնք ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պաստառները կը ներկայացնէին երկիրներուն անունները, դրօշակները եւ թուականները, երբ այդ պետութիւնները պաշտօնապէս ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեան ներկայացուց իր պատգամը աշակերտներուն: Ան իր խօսքով քաջալերեց աշակերտները, որ ըլլան արդար, հաւատաւոր ու պահանջատէր հայեր: Ան յիշեց, թէ այս դրօշակներու շարքին կը պակսի երկու կարեւոր դրօշներ: Առաջինը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դրօշը, որուն հաւատաւոր քաղաքացիներն ենք մենք եւ հսկայական աշխատանք կը թափենք այս երկրին մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, սակայն տակաւին Ցեղասպանութիւնը չէ ընդունուած հոս: Իսկ երկրորդ դրօշը պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ դրօշը, որպէսզի անիկա ի վերջոյ ընդունի եւ արդար հատուցում կատարէ իր գործած անմարդկային ոճիրին համար:
Դոկտ. Դուրեան շեշտեց. «Այսօր կը նշենք Թուրքիոյ ձախողութեան 98րդ տարեդարձը: Անոնք ձախողեցան եւ տակաւին չեն յաջողիր այնքան, որքան դուք բոլորդ կ՛ապրիք հայօրէն: Ամբողջ աշխարհը կ՛ուզէ, որ հայը ձախողի, բայց մենք պիտի յաղթենք եւ պիտի փաստենք հայուն ուժը՝ ձեր աշխատանքներուն շնորհիւ»:
Ոգեկոչման աւարտին բոլոր աշակերտները հանդարտ եւ հանգամանաւոր կերպով բարձրացան իրենց դասարանները:
Ապրիլ ամսուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն աշակերտները պիտի ապրին հայկական պահանջատիրութեան մանրամասնութիւնները: