
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Փեթրիք Վենթրըլ Ապրիլ 8ին յայտնած է, թէ «Ուաշինկթըն ղարաբաղեան տագնապի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ ուժի կիրառումէն զերծ մնալ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վենթրըլ այդ յայտարարութիւնը կատարած է՝ պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն ունի՞ արդեօք որոշ ծրագիր՝ ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու համար»:
«Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկիր, կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու ուղղութեամբ կողմերուն հետ աշխատանքը շարունակելու գաղափարին: Մենք կը կարծենք, որ տագնապը ուժի կիրառումով պիտի չլուծուի», ըսած է ան: