
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը 250,000 տոլար յատկացումներու խոստում ստացաւ 5էն 7 Ապրիլ 2013ի շաբաթավերջին, Կլենտէյլի մէջ կազմակերպած իր երեք ձեռնարկներուն ընթացքին՝ Տարեկան Կալա, ՀՕՄականներու երախտագիտութեան ձեռնարկ եւ ՀՕՄի օրուան տօնախմբութիւն:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան յայտարարեց, թէ «Գարուն» կաթնամթերքի հաստատութեան սեփականատէր Անդրանիկ Պաղտասարեան, 100,000 տոլարի հիմնադրամ մը հաստատած է՝ ի պատիւ իր կնոջ՝ Սեդա Պաղտասարեանին, որ իր դրոշմը ձգած է Լիբանանի ՀՕՄին (ԼՕԽին) եւ յատկապէս «Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական կեդրոնին վրայ, ուր անոր հիմնադրութենէն՝ 1981էն, ի վեր կամաւոր աշխատած է: Նոյն ձեռնարկին, առ ի երախտագիտութիւն ՀՕՄի երկար տարիներու զօրակցող Անդրանիկ Պաղտասարեանի, ան պարգեւատրուեցաւ «ՀՕՄի Ժառանգութեան մրցանակ»ով (ARS Legacy Award):
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի առաջին հայ անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կալայի ձեռնարկին ընթացքին յայտարարեց. «ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան հետ ունեցած մեր հանդիպման ընթացքին լուրջ մօտեցում ցուցաբերեցինք Նորթ Հոլիվուտի մէջ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան կեդրոն մը բանալու անոնց առաջարկին. ուստի՝ Լոս Անճելըս գաւառէն 50,000 տոլարի դրամաշնորհ մը ապահովելու աշխատանքին պիտի սկսինք»: Գրիգորեան, որուն շրջանին մէջ պիտի բացուի Ընկերային ծառայութեան այս գրասենեակը, երկար արձանագրութիւններ ունի Նորթ Հոլիվուտի ժողովուրդի հիմնական կարիքներուն մասին:
Կալայի մասնակիցները նաեւ տեղեկացան ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի www.arswestusa.org կայքի վերաձեւաւորման մասին. կայքը կարելի է այցելել բազմազան արդի միջոցներով:
Այս բոլորէն անկախ, ՀՕՄի ծրագիրներուն համար 100,000 տոլար հանգանակուեցաւ ներկայ 550 մասնակիցներուն եւ նուիրատուներուն կողմէ, որոնք գլխաւորաբար եկած էին հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանէն, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրեզնոյէն եւ Օքլընտէն: Լենա Պօզոյեան բարձր գնահատեց ՀՕՄի կամաւոր աշխատողները՝ իրենց տարիներու տքնաջան աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ՝ ՀՕՄի գրասենեակի պաշտօնէութիւնը եւ օրուան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի տնօրէնուհի Ժասիկ Ջառահեանի:
ՀՕՄի շաբաթավերջի ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդուին մօտիկ ապագային:
***
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքը: Անիկա 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք՝ հինգ գրասենեակներով, հոգեբանական կեդրոն եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական այլազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:
GETZTZE A.R.S. HAVERZH!!!