Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նախ քանի մը բառ՝ խորագիրի «Դիլիջան 5/8» բաժինին մասին:
Խօսքը կը վերաբերի «Դիլիջան»ի սենեկային երաժշտութեան համերգաշարին, որ Կիրակի, 17 Մարտին նուաճեց իր 8րդ տարուան 5րդ հանգրուանը։
«Լարք»-«Դիլիջան» նախաձեռնութեան այս տարեշրջանի հինգերորդ յայտագիրը «Զիփըր» սրահ մէկտեղեց երաժշտութեան աշխարհին մէջ երեք ստեղծագործողներ, որոնց հետ մօտաւորապէս երկու ժամուան համար ժամադրուած էին հարիւրաւոր երաժշտասէրներ։ «Զիփըր» սրահի բեմին վրայ այլապէս «հանդիպում» մը կազմակերպուած էր Տիգրան Մանսուրեանի, հունգար երգահան Կիորկի Լիկեթիի եւ ռումանացի Ժորժ Էնեսքուի միջեւ՝ անոնց գործերէն քաղուած ընդամէնը հինգ կտորներով։
«Դիլիջան»ի «տինամօ»ն՝ Մովսէս Պօղոսեանը, որ գեղեցիկ աւանդութիւն մը ստեղծած է նուագահանդէսները «երկու անուշ խօսք»ով բանալու եւ հանդիսականները նախատրամադրելու երաժշտական վայելքին, յայտագիրին մասին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այս ընկերակցութեան առաքելութեան կարեւոր առաջադրանքներէն մէկուն. ան յայտնեց, որ «Apple Hill» լարային քառեակը, որ բաղկացած է ոչ հայ երիտասարդ երաժիշտներէ եւ բաժին ունի յայտագիրին մէջ, վերջին տարիներուն ծանօթացած է Տիգրան Մանսուրեանի գործերուն եւ անոնցմէ կատարումներ ունի իր յառաջիկայի նուագահանդէսներուն. այսպիսով, «Դիլիջան» կ՛իրագործէ հայ երգահաններ՝ ոչ հայկական շրջանակներու կամրջելու առաքելութիւն մը, ինչպէս որ իր համերգաշարերը այլապէս առիթ են ծանօթանալու միջազգային ճանաչում ունեցող հսկաներու գործերուն՝ մեծ մասամբ այնպիսի գործեր, որոնք յաճախ չեն լսուիր ձայնասփիւռի կայաններէ կամ դասական բնոյթով բեմերէ։
«Apple Hill» լարային քառեակը յայտագիրին բացումը կատարեց Լիկեթիի մէկ լարային գործով, որ ձեւով մը ճշդեց ներկայացուելիք գործերուն ընդհանուր մթնոլորտը։ Կարելի չէ քանի մը նախադասութեամբ, ըսել կ՛ուզենք՝ բառերով բացատրել փոխանցուած հմայքը, այլ կը բաւականանանք նշելով, որ երգահանին ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ ջութակ կոչուած սքանչելիքի կարողութեանց «պեղումով»։
Յաջորդ երկու կտորները դաշնակի համար ստեղծագործութիւններ էին. առաջինը՝ նոյնպէս Լիկեթիէն, իսկ երկրորդը՝ Տիգրան Մանսուրեանէն. հայ տաղանդաւոր երգահանին այս գործը առաջին անգամ ըլլալով կը հնչէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Կատարողն էր Ծովիկ Մարգարեան, որ դաշնակով մատուցումի կատարելութեան մերձեցող երիտասարդ ուժ մըն է եւ, վստահաբար, զինք այսուհետեւ աւելի յաճախ պիտի տեսնենք մեր բեմերուն վրայ։ Յայտագիրին առաջին բաժինի փակումը կատարեց յիշեալ քառեակը՝ Մանսուրեանի լարային քառեակի մէկ գործով։
Յայտագիրին երկրորդ բաժինը գրաւեց լարային ութ նուագարաններու համար ստեղծուած Էնեսքուի մէկ լայն պաստառը, որ հաճելի… շնչասպառութիւն ընծայեց թէ՛ երաժիշտներուն եւ թէ ունկնդիրներուն։ «Apple Hill» քառեակին միացան չորս երաժիշտներ, գլխաւորութեամբ Մովսէս Պօղոսեանի, մօտաւորապէս 40 վայրկեան հանդիսականները գերի բռնելով լարային երաժշտութեան չես գիտեր քանի՛երորդ երկինքներուն մէջ։ Բազմաձայնութեան մէկ նուաճումը եղող կտորը համոզեց, որ տարբեր մեղեդիներու համատեղումը՝ արուեստի ու ներդաշնակութեան ճամբով, կը ստեղծէ վայելք ու հաճոյք. նման իրագործում վստահաբար կարելի չէ ստեղծել ընկերային հաւաքոյթի մը կամ ժողովներու պահուն, երբ ներկաներ, առանց անդրադառնալու, յաճախ միատեղ կը խօսին, իրարու բերանէ խօսք կը խլեն ու կը ստեղծեն… աղմուկ ու ժխոր, անհասկնալի ձգելով ըսուածներէն շատ բան (անշուշտ կայ աւելի՛ տաղտկալին, երբ հանդիսականներ կը յամառին խօսակցութեան բռնուիլ կողքիններու հետ, չես գիտեր ի՜նչ անյետաձգելի նիւթերու մասին զրուցելու համար՝ մոռնալով, որ կայ լռութեամբ մտիկ ընելու պահ, ինչպէս որ կայ հաճելի խօսակցութիւն վայելելու պահ՝ յայտագիրի մը սկսումէն առաջ կամ փակումէն ետք)։
Ամիս մը ետք, «Դիլիջան»ի 8րդ եղանակը պիտի փակուի ապրիլեան նուագահանդէսով մը, ուր երաժշտասէրներ ժամադրուած են Կոմիտասի, Հրանդ Բեգլարեանի, Իան Քրուսի եւ երիտասարդ երգահան Կապրիելլա Լենա Ֆրանքի հետ։ Կոմիտասի ներկայութիւնը դասական ոճով չէ, այլ պիտի ներկայացուի հարուածային մարիմպա նուագարանով, «Դիլիջան»ի անցեալի նուագահանդէսներուն մասակցութիւն բերած ճափոնցի երաժշտուհիի մը կողմէ։ Նաեւ, Կապրիելլա Լենա Ֆրանքի նոր յօրինումին առաջին ներկայացումը պիտի կատարուի։ Յայտագիրը կը կրէ «Բառեր եւ Երաժշտութիւն» խորագիրը, ուր երգն ու նուագը 21 Ապրիլին ժամադրուած են երաժշտասէրներուն հետ։
Կայ նաեւ անկէ անդին. «Դիլիջան»ի յաջորդ նուաճումներուն կը սպասուի՝ յառաջիկայ ամառէն ետք, 9րդ եղանակին, երբ վստահաբար աւելի մեծ թիւով երաժշտասէրներ առիթ պիտի ունենան ըմբոշխնելու ազնիւ ու վերացնող երաժշտութիւն։