
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Նորք» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է ատրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլիի «Քարէ երազներ» վէպին հայերէն թարգմանութիւնը:
Ռուսական «Դրուժբա Նարոդով» ամսագիրի նախորդ տարուան վերջին թիւին մէջ հեղինակին թարգմանութեամբ ռուսերէնով տպագրուած այս վէպը մեծ աղմուկ բարձրացուց Ատրպէյճանի մէջ, հոն ապրող 75ամեայ գրողն ու անոր ընտանիքի անդամները ենթարկուեցան հետապնդումներու:
Վէպին մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ իր ծննդավայր Այլիսի (Ագուլիսի) պատմութեան, նախորդ դարավերջին Պաքուի մէջ հայերուն նկատմամբ գործադրուած բռնութիւններուն՝ հանդուրժողականութեան կոչ ուղղելով աւելի քան երկու տասնամեակ իրարու նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած ժողովուրդներուն:
«Պարզուեց, որ ընդամէնը հանդուրժողականութեան կոչը կարող է Ադրբեջանում այդքան մեծ աղմուկ բարձրացնել: Հետաքրքրութիւնն այդ գրքի նկատմամբ, մասնաւորապէս, Հայաստանում համարժէք է Արդբեջանում բարձրացուած աղմուկին», «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է թարգմանիչը՝ Լէոնիդ Զիլֆուղարեանը։ «Վէպն աննախադէպ է ոչ թէ այն առումով, որ Ադրբեջանում այդ հարցերը երբեւէ չեն արծարծուել, այլ՝ որ այդ կարգի, հանրայայտութեան այդ աստիճանի գրողն է այդ հարցերը բարձրացրել», դիտել տուած է ան։
Թարգմանիչին կարծիքով, վէպին մէջ ամէնէն յաջող բաժինը հեղինակի ծննդավայր Այլիս-Ագուլիսին նուիրուած հատուածներն են: Գիրքի գլուխներէն մէկու բնաբանը հետեւեալն է. «Օ, Ամենազօր Տէր, բարի եղիր, ասա ինձ, դո՞ւ ես արարել իմ Այլիսը, թէ՞ Այլիսս է արարել քեզ»: