Կազմակերպութեամբ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, Երկուշաբթի, 8 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հաճնոյ հերոսամարտի 90ամեակի գիտաժողովի նիւթեր եւ վաւերագրերու լուսանկարներ» գիրքի շնորհահանդէսը՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ հանրութեան:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը Հաճնոյ հայրենակցական միութեան անունով արտասանեց Փոլ Եագուպեան, որ խօսեցաւ միութեան համար նշեալ գիրքին կարեւորութեան ու դաստիարակչական եւ ազգային առումով ներկայացուցած արժէքին մասին: Եագուպեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս գործին յաջողութեան:
«Հաճնոյ հերոսամարտի 90ամեակի գիտաժողովի նիւթեր եւ վաւերագրերու լուսանկարներ» գիրքին մասին զեկուցեց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ նշեց, թէ գալիք սերունդներուն նոր շունչով եւ բովանդակութեամբ պէտք է փոխանցել Հաճնոյ կտակը եւ այս գիրքը նշեալ նպատակին կը ծառայէ: Տագէսեան շեշտեց, որ գիրքին մէջ տեղ գտած են գիտաժողովին նիւթերը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ լուսանկարներ, Նոր Հաճընի յատակագիծը եւ փաստաթուղթեր:
Իր կարգին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է հպարտանայ իր արմատներով ու շրջաններով: Ան հաստատեց, որ Հաճընի հերոսամարտը ունէր գիտակցական բնոյթ, որ կազմակերպուած էր եւ նախանձելի: Դեմոյեան շեշտեց, որ նշեալ հերոսամարտը դրուագ մըն է մեր տառապանքներուն եւ ուղերձ՝ չխաբուելու իբրեւ բարեկամ ներկայացող ուժերէն:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ գիրքին հրատարակութեան նպաստող անհատներու պարգեւատրման արարողութիւնը:
Յայտնենք, որ ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ասմունքով՝ Յաւերժ Շխրտըմեան, իսկ երգով՝ Լուսիա Քէշիշեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.