ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրես».- Երկուշաբթի, Ապրիլ 15ին, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը ողջերթ մաղթեց իր երկարամեայ անդամ Ճոյլին Ուեկնըրին, միաժամանակ իր շարքերէն ներս ընդունելով վերջերս վարչութեան անդամ ընտրուած Արմինա Ղարպետեանը:
Վարչութիւնը նաեւ ատենապետ ընտրեց Նայիրի Նահապետեանը:
Արմինա Ղարպետեան վարչութեան առջեւ իր անդրանիկ ելոյթով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ուեկնըրին իր մատուցած սպասարկութեանց համար, խոստանալով իր կարելին ընել համայնքին կրթական մարզը բարելաւելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.