ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հողի յիշողութիւնը. Արցախ» ցուցահանդէսով 18 Ապրիլին «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանին մէջ նշուեցաւ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Արցախի հնագիտական ժառանգութեան բացառիկ գտածոներ՝ Տիգրանակերտ, Կարկառ, Կերեն եւ Ծիծեռնավանք հնավայրերէն։
Թանգարանի ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու սրահին մէջ 100է աւելի հնագիտական առարկաներ (եկեղեցական սպաս, դրամներ, պաշտամունքային, խոհանոցային, ծիսական եւ գիւղատնտեսական նշանակութեան իրեր) եւ 12 պատկերազարդ պաստառներ շուրջ 1 ամիս այցելուներուն եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն պիտի ներկայացնեն Արցախ աշխարհի հողի յիշողութեան վկայութիւններ՝ փաստելով հայկական հնագիտական ժառանգութեան տեղը մշակութային ժառանգութեան շտեմարանին մէջ:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ ողջոյնի պաշտօնական խօսքերով եւ շնորհաւորանքներով: Արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գ. Գիւրջեան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ նշանակութեան եւ Քանաքեռի կապի զօրամասերուն՝ 18 Ապրիլի նախօրեակին արգելոց-թանգարանի տարածքին մէջ կատարուած մաքրութեան եւ խնամքի աշխատանքներուն աջակցելնուն համար:
Ձեռնարկին աւելի քան 200 մասնակիցները ողջունեցին Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանը, ԵՈՒՆԵՍՔՕի գործերով Հայաստանի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեանը, Երեւանի քաղաքապետի խորհրդական Արամ Սուքիասեանը, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեանն առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանը, Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Կառլեն Աւետիսեանը: Խօսք առին Արցախի մէջ հնագիտական հետազօտութիւններ կատարած արշաւախումբերու ղեկավարներ Համլէտ Պետրոսեանը (Տիգրանակերտ, Շուշի, Հանդաբերդ), Յակոբ Սիմոնեանը (Ծիծեռնավանք, Կերեն) եւ Գագիկ Սարգսեանը (Կարկառ, Յոռեկավանք): Արցախի հնագիտական արշաւախմբի ղեկավար պատմական գիտութիւններու դոկտոր Համլէտ Պետրոսեանը նշեց. «Հնագիտութիւնը դա երազանք է, սակայն այդ երազանքին պէտք է կարողանալ տէր կանգնել»: Ներկաները ողջունեց նաեւ Էրեբունի հնավայր այցելած ֆրասիացի նշանաւոր հայագէտ Ժան Փիեռ Մահեն՝ մասնաւորապէս կարեւորելով Ծիծեռնավանքի հնագիտական հետազօտութիւններու արդիւնքները:
Ձեռնարկին ընթացքին Էրեբունի թանգարանի հիմնական ցուցասրահին մէջ հնչած է դաշնամուրային դասական երաժշտութիւն՝ դաշնակահար Միքայէլ Գաբրիէլեանի կատարմամբ:
Ցուցահանդէսը կազմակերպած էր Երեւանի քաղաքապետարանի «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը՝ Երեւան-Ստեփանակարտ համագործակցութեան ծիրին մէջ: Ցուցահանդէսի կազմակերպման գործընկերներն են Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կենտրոնը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան ու ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի հնագիտական արշաւախումբը եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան ու պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութիւնը:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 18 Մայիս 2013։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.