ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Կապալայի ռատարի կայանը փակելու որոշումը վնաս չէ հասցուցած ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն:
«Կապալայի ռատարի կայանի վարձին վճարումը եղած է միայն 7 միլիոն տոլար՝ 300 հեքթար տարածքի համար, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի ամէնէն գեղեցիկ հատուածներէն մէկուն մէջ եւ որ Պաքուէն ետք՝ զբօսաշրջութեան երկրորդ կեդրոնը կը նկատուի: Այդ պատճառով, մենք փափաքած ենք, որ այդ կեդրոնի վարձին վճարումը իրատեսական ըլլայ: Նախ, ատիկա (վճարումը) պէտք է որոշ ձեւով փոխհատուցէր անցեալ 10 տարիներուն համար, երբ Ատրպէյճան չէր արծարծած գինի հարցը, սակայն բոլորը, ներառեալ Ռուսիան, կը հասկնային, թէ այդ գինը, այսպէս ըսուած՝ խորհրդանշական է», ըսած է Ալիեւ:
Նշենք, որ Կապալայի ռատարի կեդրոնի վարձակալութեան ժամկէտը աւարտած էր 2012ին:
Ըստ Ալիեւի՝ վարձին արժէքը աւելցնելու ցանկութիւնը կը բացատրուէր նաեւ անով, որ վերջին 5-6 տարիներուն Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական թեքնիք համագործակցութիւնը մեծ յառաջընթաց արձանագրած է եւ միլիառաւոր տոլարներու առեւտուր իրականացած է: «Մենք ռուսական զինուորական սարքերը կը գնենք նոյն գինով, ինչպէս ամբողջ աշխարհը: Կը կարծենք, որ եթէ մենք այդ գինով կը գնենք, ապա միւս բոլոր հաշիւները պէտք է իրականացնենք համաշխարհային սակերով, ուստի՝ վարձի գինը եւս պէտք էր ատոր համապատասխան ըլլար», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:
Ըստ անոր՝ Կապալայի ռատարի կայանը Ատրպէյճանի համար անարժէք էր: «Տեղեկութիւնը, զոր կը ստանայ կայանը, մեզի պէտք չէ, որովհետեւ մենք այդ տեղեկութեան հակազդելու միջոցներ չունինք: Ատոր համար ալ մենք պէտք է այդ հարցը լուծենք բարեկամական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու հիմամբ: Մենք ռուսական կողմին առաջարկած էինք համագործակցութիւնը շարունակել եւս 5-10 տարիով՝ նոր գինով, ինչ որ չէր ընդունուած: Ռուսիոյ մէջ այժմ աւելի ժամանակակից կայան կայ, քան Կապալայի կայանը, որ արդէն մաշած է», ըսած է Ալիեւ՝ հերքելով հրապարակուած այն լուրերը, թէ Ատրպէյճան այդ որոշումը տուած է Միացեալ Նահանգներու ճնշումին տակ: «Ոչ ոք մեզ ստիպել կրնայ մեր ռազմավարական գործընկերոջ դէմ բան մը ընել», յայտարարած է Ալիեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.