– «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ գերմանական «Առ.Ու.Ի.» ուժանիւթի ընկերութիւնը վաճառած է «Նապուքօ» կազատարի համախմբումին մէջ իր ունեցած բաժինը: Այս ծրագիրին նպատակն է ստեղծել Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Եւրոպա կազի տեղափոխման նոր ճամբայ մը, որ կը շրջանցէ Ռուսիան:
– Ըստ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետականներու մեկնաբանութեան՝ Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ 400 անձերէն 237ը կարելի է նկատել փոքր գործարարութեանց սեփականատէր:
– Մինչ նախագահ Քլինթընի օրերուն, իրենց դէմ արձակուած վճիռը մեղմացնելու նպատակով 90 դիմողներէն մէկը դրական պատասխան ստացած է նախագահէն, այդ թիւը Ճորճ Ո. Պուշի ու Պարաք Օպամայի պարագային եղած է՝ յաջորդաբար՝ 780էն ու 6631էն մէկը:
– 2012ի ընտրութեանց ընթացքին, Ազգային հրացանի միութեան (NRA) ստեղծած Յաղթանակի հիմնադրամը 11,159,493 տոլար նուիրած է զանազան ընտրապայքարներու, որոնց թեկնածուներէն միայն 0.44 տոկոսը յաղթանակ արձանագրած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.