
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Պարոյր Հայրիկեանի վիրահատութիւնից յետոյ բուժումն ինտեսիւ է լինելու, հետեւաբար դժուար է ասել կառավարութան կողմից տրամադրուած գումարը կը բաւականացնի՞ այդ ծախսերին, թէ՝ ո»չ: Այս մասին 19 Ապրիլին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշած է Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեանի փաստաբան Լեւոն Բաղդասարեանը:
Անդրադառնալով պետութեան կողմէ տրամադրուած 20 հազար տոլար գումարին շուրջ եղած շահարկումներուն՝ ան հեգնանքով նշած է, որ Պարոյր Հայրիկեանի «մեղքն այն է, որ այդ մահափորձի ընթացքում չմահացաւ»:
«Եթէ մահափորձի ընթացքում վերջինս մահանար, ապա նման խօսակցութիւններ չէին լինի: Պետական, ոչ պետական կառոյցների կողմից աւելի մեծ գումարներ կը ծախսուէին, ընդհուպ Հայրիկեանին կը դարձնէին ազգի հերոս», յայտնած է փաստաբանը ու աւելցուցած, որ տրամադրած գումարը շատ քիչ է Հայրիկեանի ամբողջական ապաքինման համար, իսկ բարոյական վնասի մասին ձեռնպահ մնացած է խօսելէ: