
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակին նուիրուած ցանկը յիշատակման ձեռնարկներու, որոնք տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ օրերուն ընթացքին:
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախմբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը տեղեկանանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան Մոնթրէալի, Լաւալի, Օթթաուայի, Թորոնթոյի, Քեմպրիճի, Հեմիլթընի, Սենթ Քեթրինի եւ Վենքուվըրի մէջ:
«Ամէն տարի Ապրիլ 24ին քանատահայերը եւ աշխարհի հայութիւնը կը նշեն օսմանեան թուրքերու կողմէ հայ բնակչութեան դէմ իրականացած Ցեղասպանութեան յիշատակը: Մենք նաեւ կ՛ոգեկոչենք Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու տոկունութիւնն ու հայ ժողովրդի հաւաքական ուժը, որոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը չվերածուեցաւ պատմութեան ծանօթագրութեան մը», կը նշէ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ դոկտոր Ժիրայր Պասմաճեան:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Քանատայի Ազգային պալատին կողմէ պաշտօնապէս ընդունուած է 2004ին, Քանատայի Սենաթին կողմէ՝ 2002ին եւ Քանատայի կառավարութեան կողմէ՝ 2006ին: