
ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովը Չորեքշաբթի, Ապրիլի 17ին, հինգժամեայ նիստի աւարտին ընտրեց թեմի Գործադիր մարմինի, Թեմական խորհուրդի, Կրօնական խորհուրդի, Հաշուեքննիչ մարմինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ժողովին մասնակցող թեմի պատուիրակութեան անդամները:
Նիիստի սկզբը թեմակալ առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան կատարեց Տէրունական աղօթքը: Ապա ժողովը, սրբազան հօր նախագահութեամբ եւ Գէորգ Վարդանեանի ատենապետութեամբ, ունկնդրեց Կրօնական խորհուրդի, Հաշուեքննիչ մարմինի եւ Թեմական խորհուրդի վերջին մէկուկէսամսեայ զեկոյցը, որմէ ետք պատգամաւորներուն առիթ տր-ուեցաւ հարցումներ:
Թեմական խորհուրդի եւ Հաշուեքննիչ մարմինի կողմէ սպառիչ պատասխաններէն եւ սրբազան հօր արտայայտութիւններէն ետք շրջանաւարտ Թեմական խորհուրդը հեռացաւ դահլիճէն եւ ժամը 7ին ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ 50 վաւերական ձայներով ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը:
Նիստին հրաւիրուած էր Իսլ. խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը:
Նախ, ընտրութիւններու անուանացանկ ներկայացնող յանձնախումբը ներկայացուց Կրօնական խորհուրդի ցանկը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ ընտրուեցան Սահակ քհնյ. Խոսրովեանը, Վարազդատ Ա. քհնյ. Տէրտէրեանը, Մեսրոպ քհնյ. Ռաթէոսեանը, Վազգէն քհնյ. Շմաւոնեանը, Մաշտոց քհնյ. Խաչատրեանը, Կոմիտաս քհնյ. Ղարախանեանը եւ Արսէն քհնյ. Աւետեանը:
Հաշուեքննիչ մարմինին համար ժողովը ընտրեց հետեւեալ 9 հոգինոց կազմը՝ Գրիշ Մանուկեան, Ռուզան Մարգարեան, Հայդուկ Մուրադխանեան, Սերոժ Համբարձումեան, Ռոմէլ Յարութիւնեան, Ռուբիկ Բալալեան, Հարմա Եադգարեան, Արին Խոսրովեան եւ Մայիս Աբրահամեան:
Յաջորդ բաժինով անուանացանկի յանձնախումբը Թեմական խորհուրդի համար ներկայացուց 16 անուններ՝ հակիրճ կերպով ներկայացնելով իւրաքանչիւրին կենսագրական տուեալները: Ապա ընտրուեցաւ հետեւեալ կազմը՝ Երուանդ Իսմայիլեան, Էդուարդ Բաբախանեան, Ռաֆիկ Գալստեան, Թադէ Յարութիւնեան, Ռուբէն Շահվերդեան, Հարմիկ Զովէլեան, Արա Շահնազարեան, Արշաւիր Քեշիշեան, Մարտիկ Միրզայեան, Ռաֆիկ Մելիքսէթեան եւ Վարդան Բաբախանեան:
Յիշեալ երեք ընտրութիւններէն ետք ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը թողեց դահլիճը:
Աւարտին ժողովականները 13 հոգինոց անուանացանկէն ընտրեցին թեմին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ժողովին մասնակցող 10 հոգինոց կազմին անդամները՝ Գէորգ Վարդանեան, Ժոզէֆ Մեհրաբեան, Էդուարդ Բաբախանեան, Շաքէ Աւետեան, Արմէն Հայրապետեան, Արմէնուշ Առաքելեան, Գեւիկ Մկրտչեան, Ռաֆիկ Գալստեան, Սեդա Թարվերդեան եւ Ռուբիկ Կարապետեան: