Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2013ին բանասէր եւ երաժշտութեան բազմավաստակ ուսուցչուհի Կարինէ Տէր Գէորգեանը վարժարանիս մանկապարտէզէն մինչեւ վեցերորդ կարգի աշակերտներուն համար երաժշտական դաստիարակչական ներկայացում մը մա-տուցեց Հայ կեդրոնին մէջ:
Երկու տարբեր հանգրուաններով՝ առաջին հերթին մանկապարտէզ, առաջին եւ երկրորդ կարգերը, ապա՝ երրորդէն վեցերորդ կարգերը, ուշադրութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան դասախօսութեան, այնուհետեւ՝ աշակերտներու երաժշտական կատարումներուն եւ երգերու մեկնաբանութիւններուն:
Երկու հերթական հաւաքներուն, դասախօսը ներկայացուցին Թալին Աբանեանն ու տիկ. Մարկոսեանը: Առաջին հերթին, Կարինէ Տէր Գէորգեան հակիրճ ու մատչելի ներկայացում մը կատարեց հայ երաժիշտներու եւ մանաւանդ Կոմիտասի մասին: Ան անդրադարձաւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն ու մանաւանդ շեշտեց Կոմիտասի կատարած երգերու հաւաքագրման հսկայական աշխատանքը: Կ. Տէր Գէորգեան պատկերներ ցուցադրեց աշակերտներուն եւ բացատրեց մանրամասնութիւններ երաժշտական գործիքներու բաժանումներուն մասին: Ներկայացուց հայկական շուին ու սրինգը, որոնք կոմիտասեան ժողովրդական երգերու առանցքային գործիքներ կը համարուին:
Ներկայացումէն ետք, գեղարուեստական բաժինին մասնակցող աշակերտները հերթականութեամբ բեմ բարձրացան եւ հայկական երաժշտական կտորներ ու երգեր ներկայացուցին աշակերտներուն: Անոնք, իրենց մանուկ հասակին, հայկական երաժշտութեան վայել ապրումներով ելոյթ ունեցան ու հմայեցին զիրենք լսող աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը:
Մասնակցող աշակերտներն էին՝
Մանկամսուրէն՝ Տանիէլ Էյթան՝ ջութակ.
Ա. կարգէն՝ Դալար Թապագեան՝ դաշնակ.
Գ. կարգէն՝ Սաթիկ Սէրայտարեան եւ Անի Գասապեան՝ դաշնակ.
Դ. կարգէն՝ Սարգիս Սէրայտարեան՝ ջութակ, Մոնիք Մասէհեանց եւ Թալիա Յովսէփեան՝ երգ.
Ե. կարգէն՝ Տարօն Թապագեան եւ Սարգիս Ղազարեան՝ դաշնակ, Ժպիտ Մելքոնեան եւ Թալիա Պէզճեան՝ երգ.
Զ. կարգէն՝ Սօսէ Թովմասեան եւ Արեգ Տէր Սարգիսեան՝ դաշնակ:
Շատ հաճելի ու տպաւորիչ օր մը եղաւ աշակերտներուն համար այդ օրը: Անոնք իրենց դասարաններէն ներս կը լսեն նման նիւթեր ու երբեմն արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն շնորհիւ՝ կը լսեն ու կը դիտեն հետաքրքրական աշխատանքներ: Այս ձեռնարկին պարագային, իրենց ընկերներուն նուագածներն ու երգածները յաւէտ դրոշմուած պիտի մնայ աշակերտներուն պայծառ միտքերուն ու մատղաշ հոգիներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.