
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հալէպի մօտ Երկուշաբթի, Ապրիլ 22ին, զինեալներ առեւանգած են Հալէպի, Ալեքսանտրէթի եւ շրջակայից Յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Եազիժին եւ Հալէպի Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Եուհաննա Իպրահիմը: Երկու եպիսկոպոսները ինքնաշարժով կը մեկնէին Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող գիւղ մը: Զինեալները սպաննած են ինքնաշարժի վարորդ սարկաւագը: Երեքշաբթի երեկոյեան հաղորդուեցաւ, թէ առաջնորդները ազատ արձակուած են:
Միւս կողմէ, լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումէն ընդլայնուած պատուիրակութեան մը առջեւ յայտնած է. «Սուրիական ազատ բանակը իրողապէս վերջ գտած է, եւ մենք ներկայիս «Քայիտա»ի դէմ կը կռուինք: Ներկայիս 23 օտար երկիրներու հպատակութիւն ունեցող մարտիկներ սուրիական հողերուն վրայ կը կռուին»: Ասատ դժգոհութիւն յայտնած է սուրիական տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին նկատմամբ՝ նշելով. «Կարելի չէ չէզոք կեցուածք որդեգրել, երբ կրակի օղակին մէջ ես եւ փոցերը քեզի կը մօտենան»: Սէուտական Արաբիոյ ուղղուած անուղղակի պատգամով մը, Ասատ նշած է, թէ Լիբանան ընկերութիւն մը չէ, որուն մէջ պաշտօնեայ մը արտասահմանէն կը նշանակուի կամ կը հեռացուի: