ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
«Ուրֆայի շուրջ լեռները մշուշոտ են,
Հայեր կ՛այրին. աչքերը արցունքոտ են…»
(Ուրֆայի ժողովրդ. ողբերգ)
«Մէկը մէջքիս դանակ զարկեց,
Ետ նայեցի մարդ չերեւաց.
Ես էլ ուրիշ դուշման (ոսոխ) չունեմ,
Կամ բախտս է կամ էլ Աստուած»
(Վան-Վասպուրականի ազգագր. երգ)
1985. Եղեռնի 70ամեակն է։
Արդէն ստացեր եմ Պելճիքական քաղաքացիութիւնս եւ կ՛ապրիմ մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ. այս վերջինիս պետական համալսարանէն վկայուած եմ երաժշտաբան ոչ անշուշտ հայկական կամ Արեւելեան երաժշտական գիտութեան այլ՝ Արեւմտեան։
Կոմիտասի մահուան 50ամեակն է, նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 70ամեակը։
Նախորդ տարուան կայացուցած որոշումս գործադրելու ժամը հնչած էր։
Կամաւոր ինքնազինուորագրութիւն («կոմիտասագրուիլ» անուանած էի այդ վճիռս)՝ փորձել շարունակելու Հայր Կոմիտասի եւ Միհրան Թումաճանի երգահաւաքի գործ-առաքելութիւնը, սկսելով Ֆրանսայէն՝ նկատի ունենալով այդ երկրի հայահոծ քաղաքները ինչպէս նաեւ Փարիզի շրջակայ հայկական Ծերանոցները եւ հարաւի Սեն Ռաֆաէլի հայկական ապաստանարանը։ Այս վերջինի բնակիչներէն էր Հացագործեանը։
Իր Ուրֆայէն ըլլալը սրտիս կը խօսէր. հայրս նոյն այդ քաղաքէն էր եւ սակայն ոչ մէկ բառ պատմած էր իր կեանքէն։ Յետոյ պիտի հասկնայի թէ որքա՜ն դժուար էր տառապած ծերունիները խօսեցնելը, մանաւանդ երգել տալը։ Իմ այցելած ծերանոցներուն հայ բնակիչները քիչ անգամ ինքնաբուխ արտայայտութիւններով իրենց կեանքը կը պատմէին օտարին. անոնք կը փնտռեն սրտցաւ իրենց նման ծերունիները եւ կամ կը նախընտրեն գիշերուան լռութիւնը եւ լուռ կը մենախօսեն՝ որոճալով իրենց անցեալը։
Յ. ՀԱՑԱԳՈՐԾԵԱՆԻ ՊԱՏՈՒՄԸ

«Երբ դեռ փոքր էի ունեցած եմ հայր, մայր եւ երկու քոյր։ Մեծ քոյրս ամուսնացած էր. շատ չար եւ անհանդարտ պզտիկ մը ըլլալուս համար մայրս զիս յաճախ մեծ քրոջս քով կը ղրկէր։ Ան ամուսնացած էր մեծահարուստ, արհեստով դարբին Օվակիմին, որուն կը կոչէին «Տէմիրճոնց Օվակիմ»։ Ան ունէր երկյարկանի տուն որ կը գտնուէր ժամուն (եկեղեցիին) թաղը։ Երկու օր ետք կ՛ուզէի տուն վերադառնալ եւ մայրական կաթս կը պահանջէի։ Մեծ քրոջս անունը Հռիփսիմէ էր, փոքրին անունը՝ Լուսիա։ Օրին մէկը մայրս պնակ մը մածուն կը դնէ առջեւս եւ ինք կ՛երթայ տան լուացքը ընելու։ Երբ վեր կ՛ելլէ ինձ մօտ, ի՞նչ տեսնէ, ես օձի մը գլուխէն բռնած մածունին մէջ կը խոթեմ եւ բերանս տանիլ կը փորձեմ։ Մայրս սարսափահար կը ճչայ ու զիս գրկելով դուրս կը փախի։ Այդ օրուայ մօրս զգացած վախին պատճառով կուրծքին կաթը կը քաշուի եւ կը ստիպուի զիս զրկել մայրական կաթէ։ Երբ վեց տարեկան կ՛ըլլամ զիս կը տանին մանկապարտէզ։ Հոն վզէս տախտակ մը կը կախեն, որուն վրայ խոշոր գիրերով գրուած էր Սահակ-Մեսրոպի յղացած Այբուբենը։ Ուրախութեամբ դպրոց կ՛երթամ։ Երբ քերական կարդալ սկսայ, այս անգամ դպրոցէն կը փախչէի։ Լուսիա քոյրս զիս խաբել կը փորձէր գրպանս չամիչ-ընկոյզ լեցնելով եւ զիս դպրոց կը տանէր։ Խիստ օրէնքներ չէի ուզեր, կ՛ուզէի ազատ ըլլալ, ազատ մեծնալ, փողոց ելլել, չար տղոց հետ խաղալ։ Մայրս շատ հակառակ էր, կ՛ըսէր՝ «վերջը թուրքերը քեզ կը փախցնեն, անոնք շատ չար են, մարդ կը մեռցնեն»։ Երբ չէի հնազանդեր, մայրս սովոր էր զիս ծեծելու, իսկ խեղճ Լուսիա քոյրս իմ տեղս ինք կու լար եւ կ՛աղաչէր մօրս, որ զիս չծեծէ։ Իսկ հայրիկէս բնաւ ծեծ չեմ կերած. ան կ՛ուզէր, որ ազատ մեծնամ։
«1911ին վեց տարեկան եղայ։ Այդ տարիէն սկսեալ Լուսիա քոյրս եւ ես Վարդավառի շաբաթը Ուրֆայի մօտ Կարմուճ գիւղը կ՛երթայինք՝ քալելով 2 ժամ լեռնային ճամբով։ Կարմուճի մէջ հայրս ազգական ունէր. կու գային մեզ էշով իրենց տունը տանելու։ Բնական տեսարաններով, գեղեցիկ, օդասուն գիւղ մըն էր 4-5 հազար բնակչութեամբ, բոլորն ալ հայ։ Ճիշդ ուզած տեղս էր. ազատ կը պտտէի պարտէզները, արգելք չկար, ծառի մը տակ կը նստէի, քաղած ընկոյզներս քարով կոտրտելով կ՛ուտէի։
«Նոյն տարին, ձմեռը, ձիւնած էր. մօրս բացակայութենէն օգտուելով երկու ղրուշ գողցայ, շուկայ իջայ, խաղալիք փոքր զէնք մը եւ պայթուցիկներ գնելով վերադարձայ տուն։ Մայրս ասոնք տեսնելով կ՛ուզէ գիտնալ ինչպէս ձեռք անցուցի, բայց ես չեմ ուզեր խոստովանիլ գողութիւն ըրած ըլլալս։ Մայրս ինծի լաւ ծեծ մը կու տայ դրամ գողցած ըլլալուս համար։ Ես այդ ծեծը չկրնալով մարսել միտքս կը դնեմ տունէն խոյս տալ եւ գաղտնաբար Կարմուճ երթալ։ Այդպէս ալ ըրի. միս մինակ ձիւներուն մէջէն ոչ մէկէն տեսնուելով՝ կ՛ելլեմ Կարմուճ կ՛երթամ առանց ետեւս նայելու։ Քանի մը անգամ ձիւնին վրայ նստելով կը հանգստանամ եւ կը հասնիմ գիւղ՝ մեր Գոգոյենց տունը։ Երբ ինձ կը տեսնեն, կը զարմանան. կը հասկնան որ տունէն փախած եմ։ Անմիջապէս Գոգոն ձիուն վրայ նստելով Ուրֆա-քաղաք մեզի կ՛երթայ. կը տեսնէ, որ մայրս զիս շատ փնտռելէ ետք նստած կու լայ։ Կը պատմէ, որ իրենց տունն եմ, մինակս Կարմուճ եկած եմ։ Մայրս կը գիտնայ, որ լաւ չէ ըրած ծեծելով ինձ դաս տալ, հայրս ալ կ՛ըսէ, թէ պզտիկ մը պէտք չէ ծեծել. ատկէ ետք մայրիկէս ծեծ ուտելս բնաւ չեմ յիշեր։
«1913ին մեզի դպրոցի տնօրէն մը եկաւ, անունն էր Անդրանիկ Պօյաճեան։ Ամբողջ դպրոցին կազմը կանոնաւորեց. սկսայ Ա. Մեղրագետ կարդալ։ Այդ շրջանին մեր ուսուցչական կազմը սապէս էր. Ալեքսան վարժապետ, որու անունը

դրած էին «Եթմիշ թել» քանի որ պեխերը երկար եւ ցրուած էին. երկրորդը Գրիգոր վարժապետ, որուն երկրորդ անունն էր «Կոթով թաս»։ Երրորդը՝ Մկրտիչ Վարժապետ, որը միեւնոյն ատեն եկեղեցիին մէջ երաժիշտ էր։ Անդրանիկ տնօրէնը մէկ տարուան մէջ ամբողջ տղաքը իր ձեռքին տակ առաւ, մարզեց, պարտադրեց որ բոլորն ալ առանց բացառութեան համազգեստ կարուին, օգնեց, որ չունեւորներուն զաւակներն ալ նոյն համազգեստը ունենան (կը հետեւի համազգեստին մանրամասն նկարագրութիւնը)։ Մեր դպրոցի մարզախաղերը, շքեղ համազգեստը, յառաջդիմութիւնը մեր վրայ դարձուցին թուրք տղոց եւ կառավարական պաշտօնեաներուն ուշադրութիւնը։ Տեսնելով որ շատ կը յառաջանանք, թուրք դպրոցականները սկսան մեզի հետ մրցիլ։ Եւ օր մը պարան քաշելու մրցում մը տեղի ունեցաւ եւ պարտութեամբ դուրս եկան թուրք տղաքը, ուրիշ օր մըն ալ գնդակ խաղալով պարտուեցան (կարծեմ մեր վերջին տարին եղաւ)։
Մեր դպրոցին արձակուրդը պիտի սկսէր. ամիսներով պատրաստուեցանք հանդէս մը կազմակերպելու. մեր տնօրէն Անդրանիկը ջանք չխնայեց պատիւով դուրս գալու։ Մեր սեւ զգեստները հագուած պատրաստ էինք եկեղեցիին ահագին տարածութեան վրայ։ Խոշոր թութի ծառին քով վրան մը պատրաստուած էր որպէսզի աւելի շուք ըլլայ մեր դահիճներուն (sic). նոյն ծառին տակ թրքական բարձրաստիճան շուներ (sic) բազմած էին։ Եկեղեցիին գերեզմանի տարածութեան վրայ ներկայ էր հայ հասարակութիւնը, հայրեր, մայրեր, քոյրեր (…) անկարելի է պատմել այդ օրուան մեր ուրախութիւնը։ Կը յիշեմ հայրս, արեւուն տակ, իր աչքերէն արցունքները կը սրբէր, բայց այս կողմ, ծառի շուքին տակ նստածները, կեղծ ժպիտներով «եաշասըն» կը պոռային, մեր վաղուայ դահիճները։ Այդ եղաւ մեր վերջին հանդէսը։
(Զանց կ՛առնեմ Ուրֆայի եւ իր պատմութեան մասին տրուած տեղեկութիւնները)։
«1908էն յետոյ կարգ մը ուսանող երիտասարդներ Այնթապի Ամերիկեան Գոլէճէն արձակուրդի ամիսներուն կը բերէին իրենց հետ յեղափոխական գաղափարներ ու կը պատրաստէին երիտասարդութիւնը։ Ես փոքր էի լաւ հասկնալու համար կացութիւնը։ Հայրս կ՛ըսէր՝ «Այս երեկոյ սռա ունինք Քիւփալունց տունը։ Այդ սռան ամէն օր մէկու մը տունը կ՛ըլլար։ Վերջը հասկցայ որ այդ բառը ժողով կը նշանակէ եղեր։ Յարութիւն Էղբերլեան, Յարութիւն Տէր Խորէնեան, Գէորգ Ալանճեան, Սարգիս Տէմիրճեան, Յակոբ Գասապեան, Խորէն Գալայճեան. ասոնք յետագային կը կազմեն Դաշնակցական կազմակերպութեան կորիզը։ Այդ սռաներու ընթացքին կ՛ըլլան ընթերցանութիւններ հայոց պատմութենէն եւ յեղափոխական վէպերէն։ Կ՛ըսուէր որ պատանիներու կողքին կը տեսնուէին ալեհեր ծերունիներ, որոնք մինչեւ ուշ գիշեր լուռ ու հեւասպառ կը հետեւէին ընթերցանութեանց։ Դաշնակցութեան կատարած դաստիարակիչ գործն է, որ մասամբ պատրաստեց Ուրֆայի 1915ի Հերոսամարտը։ (…)
«Եւ ահա սեւ լուրեր կը հասնին Պոլսոյ ձերբակալութիւններուն, սեւ լուրեր Հայաստանի զանազան վայրերէն. հազիւ խօսակցութեան նիւթ դարձած էր այս բոլորը, երբ Ուրֆա կը մտնէր գաղթականներու առաջին կարաւանը, թշուառ, կողոպտուած, մերկ վիճակի մէջ։ Թուրք կառավարութիւնը գտած էր հայութիւնը բնաջնջելու բոլորովին նոր միջոց մը։ Ոչ մէկ կասկած այլեւս, Ուրֆայի հայութիւնը բախտակից պիտի ըլլար եկող գաղթականներուն։ Կարաւանին ժամանելուն յաջորդ առաւօտը Ուրֆայի ողջ հայութիւնը, ծեր, կին, մանուկներ, ամէն մէկը իր կրցածին չափ կերակուրներով կամ հագուստներով կ՛երթային գաղթականներու եկած խանին դուռը, կը սպասէին որ ան բացուի։ Միաժամանակ մայրս ձեռքէս բռնած, կապոց մըն ալ իմ ձեռքս կ՛ուղուինք դէպի Միլաթ խան։ Ես տեսայ Ուրֆայի հայութիւնը ուխտատեղի երթալու նման մինչեւ իսկ անկողիններ կը բերէր, առանց միտքէն անցնելու թէ կարգը մեզի պիտի գայ։

«Մայիսի սկիզբէն մինչեւ Յուլիսի վերջերը Ուրֆան տեսակ մը կայան դարձած էր գաղթականական կարաւաններու։ Կը խորհիմ թէ Ուրֆայի հայութիւնը ըրաւ իր հայրենասիրական պարտականութիւնը հանդէպ հայ գաղթականներուն մինչեւ վերջին իր օրերը։ Կը սպասուէր առաջին հարուածը Ուրֆայի հայութեան։
«Մայիս 27ի առաւօտեան ոստիկաններ կը պաշարեն քաղաքէն հազիւ 20 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ս. Սարգիս վանքը։ Այնտեղ կը բնակէին ազգային վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Պօյաճեանը եւ Գասպար Ռստիկեանը, երկուքն ալ ծանօթ դաշնակցականներ։ Ոստիկանները կը խուզարկեն վանքը, կը հաւաքեն ուսուցիչներու գոյքերը եւ երկուքն ալ կ՛առաջնորդեն բանտ։ Նախքան այս ձերբակալութիւնը Ուրֆա ժամանած էր իբրեւ միւթասարըֆ ծանօթ իթթիհատական Ալի Հայտար Պէյ. իրեն հետ եկած էին Տիգրանակերտի երկու յայտնի ջարդարարներ՝ Խալիլ եւ Ահմետ պէյերը, երկուքն ալ գլխաւոր անդամները տեղահանութեան եւ հայերու բնաջնջման համար կազմուած «թէզքիլաթը մախսուսիյէ»ի։ Արտաւազդ վարդապետ կացութիւնը պարզելու դիմումներ կ՛ընէ կառավարութեան մօտ ձերբակալուած ուսուցիչներու մասին. ապարդիւն։ Այդ ձերբակեալ ուսուցիչները կը ղրկուին Հալէպ պատերազմական Ատեան, անկէ՝ Տիգրանակերտ։ Յունիսի առաւօտ մը կը ձերբակալուին 18 երեւելիներ եւ կուսակցական դէմքեր։ Անոնց մէջ էին Ուրֆայի հարուստներէն Յակոբ Քիւլէնեան, մօրս կողմէ ազգական։ Յունիս 25ը խաւար օր կ՛ըլլայ Ուրֆայի հայութեան համար։ Շատ վարպետութեամբ կազմակերպուած հաւաքումով մը երկու ժամուայ մէջ 200է աւելի հայեր կը ձերբակալուին. անոնց մէջ կը գտնուին դաշնակցական պարագլուխներ, առեւտրականներ, ի միջի այլոց Օվակիմ քեռայրս, որուն առաջին օրը երեկոյեան բանտը իրեն կերակուր կը տանինք մայրիկիս հետ. յաջորդ օրը դարձեալ կ՛երթանք եւ զինք չենք տեսներ. արդէն տարած մաքրած են բոլոր բանտարկուածները, քաղաքին մօտակայ Գարաքէօբրիւ եւ Գուտեմէ կոչուած այգիներու կողմը (զեղումներ, ցասումներ)։ Յուլիս 10ին կառավարութիւնը իր մօտ կը կանչէ Առաջնորդը ու վճռական պահանջ կը դնէ- 48 ժամէն հաւաքել հայ թաղամասի բոլոր զէնքերը։ Առաջնորդը վերադառնալով անմիջապէս այս հրահանգը կը տեղեկացնէ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանին։ Այդ օրերուն Ուրֆա կը գտնուէր տեղացի թնդանօթաձիգ սպայ մը, Միհրան Հերատեան. ան եկած էր Պոլսէն արձակուրդով, դէպքերը սկսելէն առաջ։ Զինահաւաքման մասին հրահանգը լսելով Հերատեան սաստիկ կը հակառակի բայց ի վերջոյ կը համաձայնին յանձնել միմիայն անգործածելի զէնքեր։ Յաջորդ օրը
գացինք տեսնելու եկեղեցիին բակը կոտրած որսի հրացաններու եւ անպէտք հին զէնքերու թափուածքը։ Վերջին անգամ ըլլալով Յուլիս 26ին կառավարութիւն կը հրաւիրուի Արտաւազդ վարդապետը։ Կարծես կը նախզգայ, որ այս իր վերջին երթն է. առաջնորդարանէն ու իր ժողովուրդի ծոցէն կ՛իջնէ մայր եկեղեցին, կը ծնրադրէ խորանին առջեւ, արցունքոտ աչքերով կը նայի իր կառուցանել տուած դպրոցներուն։ Կը ողջագուրուի քահանաներուն հետ ու կը մեկնի կառավարչատուն. այս անգամ չուզեր ձիու վրայ նստած երթալ. կ՛երթայ քալելով։ Երբ կը հասնի կը հրամայեն բանտ առաջնորդել զինք։ Կ՛երթայ միանալու հարիւրաւոր բանտարկեալներուն որոնք ամիսէ մ՛իվեր թրքական բանտի սարսափները կ՛ապրէին ծեծի եւ անպատմելի տանջանքներու միջոցաւ։ Աւելի վերջ իմացանք որ զինագործ Նազար Թիւֆէնքեան մասնաւոր տանջանքներու կ՛ենթարկուէր զէնքերու պահեստներ յայտնաբերելու ակնկալութեամբ. աննման յեղափոխականը, այլեւս անկարող դիմանալու իր կրած զարհուրելի ցաւերուն, ձեռք կը ձգէ փոքրիկ զմելի մը ու համբերատար կամքով կը ճեղքէ իր փորը եւ անձնասպան կ՛ըլլայ։

«Երկու դէպքեր հերոսմարտ-վրիժառութեան խթան հանդիսացան. Շէյթան Տէրէսիի մէջ մօտ 200 հայ տղամարդ սպաննուեցան, իսկ Գուտեմէ եւ Գարաքէօբրիւ կոչուած վայրերու մէջ մօտ 1500 անզէն հայ զինուորներ Օգոստոս 4ին կը պաշարուին թուրք զինուորներու եւ չեթէական խումբերու կողմէ. հոն տարուած զինուորներուն խաբած էին ճամբայ շինելու պատրուակով։ Անոնց թեւերը կը կապեն եւ նախապէս փորուած խրամներու առջեւ համազարկի կը բռնեն բոլորը։ Այդ տղոցմէ երկու հոգի կը յաջողին ազատիլ եւ հասնիլ քաղաք. անոնք Սանտրչոնց երկու տղաքներն էին, որոնք կը պատմեն եղելութիւնը։ Աննկարագրելի շիւան մը կը բարձրանայ ամէն տունէ, որով ամէն ընտանիք ունէր իր զոհը։ Մեր հերոսամարտը պատմելը իմ կարողութենէս վեր է. հոն հայ կնոջ դերը մեծ եղած է, նոյնիսկ 13-14 տարեկան փոքրերը կատարեցին իրենց սահմանուած դերը։ Կռիւին ազդանշանը որոշուած էր – երբ մայր եկեղեցիին եւ բողոքականաց ժողվարանին զանգակները միաժամանակ հնչէին ուժգին եւ մահու ղօղանջով պիտի նշանակէր որ մարտը սկսած էր եւ ամէն մարդ դուրս պիտի գար իր թաքստոցէն ու դիմէր իրեն որոշուած դիրքը։ Այդ օրը եղաւ Սեպտեմբեր 29, 1915։ Այդ առաւօտ խումբ մը ոստիկաններ կը պաշարեն վերը յիշուած սպանդէն ազատած Սանտրչոնց տունը ձերբակալելու համար անոնց տղաքը, որոնք միակ ազատեալները եղած էին Գուտեմէի կոտորածին։ Ոստիկանները շրջակայ տանիքներէն կը բարձրանան Սանտրչոնց տանիքը, կը փորձեն առաստաղը ծակելով յանկարծակիի բերել հոն պահուած տղաքը։ Այդ պահուն հոն կը գտնուէր Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանը։ Բայց հազիւ փոքրիկ ծակ մը բացուած տանիքին վրայ, ներսէն կը սուլէ առաջին կապարը եւ թուրք ոստիկան մը կ՛իյնայ դիտապաստ. տանիքներու վրայ գտնուող ոստիկանները կը սկսին հրացանաձգութեան ամէն կողմէ։ Այս իրարանցումին մէջ յանկարծ կը լսուին ղօղանջները զոյգ եկեղեցիներուն, հատ-հատ, ուժգին եւ մահագոյժ։ Հազիւ քառորդ ժամ անցած դիրքերու վրայ պատրաստ կ՛ըլլան բոլորը։ Իրականութիւն էր այլեւս Ապստամբութիւնը. Ուրֆայի հայութիւնը կը նետուէր կրակին մէջ կռիւի ճամբով անմահութեան դափնին խլելու համար պատմութենէն։ Շատ լաւ կը յիշեմ. աշնան սկիզբի պայծառ արեւոտ օր մըն էր այդ օրը. ես հազիւ 9-10 տարեկան էի։
«Առաջին օրը մայրս քոյրերս կու լային, ինչու որ հայրս հացագործ ըլլալով հերոսամարտի ժամանակ կը գտնուէր սարային առջեւ թուրքերուն կողմը, մօտ 20 հոգիով Թոփալ Ներսոյին երկու փուռերուն մէջ։ Երբ պատերազմը կը սկսի կառավարութիւնը անմիջապէս կը պաշարէ այդ երկու փուռերը եւ կը պարտադրէ որ աշխատին թուրք զինուորներուն համար հաց պատրաստելու։ Այդպէսով հայրս եւ ընկերները դուրս կը մնան հերոսամարտէն, իսկ մենք անտեղեակ այս բոլորէն կը կարծենք որ հայ թաղերէն դուրս մնացած բոլոր հայերը արդէն մեռցուցած են։ Ընդհանուր հրացանաձգութիւն է։ Մեր տունը երկրորդ յարկ ըլլալով մայրս մեզ տարաւ քեռայրենցս տունը որ ճիշտ կեդրոնն էր, ժամուն թաղը, Նշանենց նոր շինուած տան դիմաց։ Կռուի ժամանակ Նշանենց տունը զինուորական կեդրոնատեղի եղած էր՝ շատ ընդարձակ ըլլալուն համար։ Երկրորդ օրը, արդէն ականջս վարժուած զէնքերու ձայնին, սկսայ դրան առջեւ կենալ եւ դիտել անձուդարձը։ Ուրֆայի տուները քով քովի ըլլալով անոնց պատերէն մարդ անցնելու չափ ծակեր բացին. փողոց ելլելը վտանգաւոր էր։ Ժամուն թաղէն մինչեւ Պետիտ մէյտանը, ամէն տան գետնայարկը բանով մը կը զբաղէին։ Քեռայրենց տան մէջ ռումբ կը շինէին։ Դեռ Հերոսամարտին երրորդ օրն էր, ձեռքէս բռնելով զիս տարին գետնայարկը (որուն «գապ» կ՛ըսենք), ուր տեսայ տարիքաւոր կիներ նստած փոշի փռած գետինը, փոշիին վրայ ծունկի եկած աղօթք կ՛ընէին։ Կիներէն մէկը Ս. գիրք մը տուաւ իմ ձեռքս եւ ըսաւ. «Եկուր տղաս սակէ գլուխ մը կարդայ մեզի»։ Հազիւ կարդալ սկսած էի դուրսէն ձայն մը զիս կը կանչէր «Յակո՛բ, Յակո՛բ»։ Ես ալ կարծես ատոր կը սպասէի։ Ս. գիրքը կիներուն տալով դուրս ելայ։ Ինծի մէկը «Եկուր նայիմ տղաս, դուն շատ լաւ փուք կը քաշես» ըսելով զիս նստեցուց բոցին առջեւ փուք քաշելու. այսպէս ես աւելի տարուած ուշի ուշով դիտեցի ինչ որ կը շինէին։ Դեղին մետաղներ, մանղալ, հաւան, կանթեղ մանր-մանր կոտրտելով, թիթեղէ կաթի տուփերու մէջ վառօդին հետ կը խառնէին, կը լեցնէին… Անշուշտ հետաքրքրուած հարցուցի, թէ ինչ պիտի ըլլան ասոնք։ Ուրախութեամբ ինծի ըսին՝ «Այս շինածներս ռումբ են. այսկէ որքան շատ շինենք այնքան շատ թուրքեր կը ջարդենք»։ Միաժամանակ կը լսէի եւ կը տեսնէի դուրսի անցուդարձը։ Կը լսէի երգերու եւ զէնքերու ձայներ. ուրախութիւն մը կար ներսս…
«Յանկարծ ի՞նչ տեսնեմ. քոյրս Լուսիան, որ դեռ երէկ նշանուած էր եւ տակաւին իր նշանածին երեսը չէր տեսած, վրան քեռայրիս շալվարը քաշած, իսկ գլխուն՝ բան մը փաթթած, Պօղոս քեռիիս փափախը դրած, երեսը, ճակատը բաց, մէջքէն արծաթէ քամարին տեղ հայրիկիս «հաճամ շալ»ին կապած, մեր դռնէն դուրս ելաւ, երգելով իր ընկերուհիներուն հետ խառնուեցաւ աղջիկներուն (երկար բացատրութիւններ ընդունուած սովորոյթներուն եւ օրէնքներու դէմ շարժող քրոջը վարմունքին դիմաց)։ Զարմանք եղաւ ինձ, որ քոյրս կը տեսնեմ այդ պատերազմական հանդէսին մէջ, կարծեցի որ հարսանիք տեղի կ՛ունենայ, ինչու, որ երբ մեր կողմերը հարսանիք ըլլար, եկեղեցիէն վերադարձին հարսը

եւ փեսան մէջտեղնին առած հարսնեւորները զէնքեր արձակելով եւ երգերով տուն կը բերեն նորապսակները։ Կը յիշեմ քանի մը բառեր այդ երգերէն. «Մեր հարսը խերով, փեսան պեխերով, աթլազ տեղերով, կանաչ մոմերով» (Յ. Հ. կը յիշէ նաեւ բառեր հարսանիքին երգուած յեղափոխական երգերէն)։ Այս ամէնը տեսնելով ուրախութիւնս կրկնապատկուեցաւ։ Կ՛ուզէի ես ալ մեծ ըլլալ, զէնք ունենալ եւ այդպէս ընկերներուս կողքին օգուտ մը ունենայի այդ պաշտելի յեղափոխականներուն, ուզեցի փախչիլ փուքին ետեւէն, լացի, խնդրեցի, բայց անօգուտ. զիս խրատեցին ըսելով այն ինչ որ կը փափաքիս արդէն կ՛ընես. «այս տուփերուն մէջ ինչ որ կը հալեցնենք, կը լեցնենք, ասոնք ռումբ են. ասոնցմէ պէտք է շատ շինենք, որ շատ թուրք մեռնին»։ Համոզուեցայ նստայ նորէն փուքին ետեւ, սկսայ աւելի եռանդով
քաշել։ Ես տեսայ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանը եւ Յարութիւն Ռասթգէլենեանը, Խորէն Քիւփալեանը, որ հազիւ 19 տարեկան, հեռադիտակը վիզէն կախած, զէնքը մէջքին կապած հերոս Մկրտիչին ետեւէն կու գար, իսկ զինուած երիտասարդութիւնը, աղջիկ եւ տղայ կը սպասէին հրամանի։ Տեսայ նոյնպէս պատուելի Սողոմոն Աքելեանը, որ թնդանօթէ նետուած բայց չպայթած ռումբ մը բռնած իր ձեռքին մէջ կ՛ըսէր՝ «Տէրը մեզի հետ է. զուր պիտի անցնին թուրքին բոլոր միջոցները»։ Շատ ձայներ լսեցի, որ կը կանչէին «Կռուեցէք, Քեռին (այսինքն ռուսը) մեզի օգնութեան պիտի հասնի»։ Բայց աւաղ շատ կարճ տեւեց այս բոլորը. մէկ ամիս։ Ուրֆացին ճամբայ չունէր փախչելու, արդէն պաշարուած էին հայոց թաղերը. մէկիկ մէկիկ ինկան հայ քաջերը. իրենց վերջին փամփուշտով վերջ տուին իրենց կեանքին՝ մինչեւ վերջ դիմադրելով, միայն թէ ողջ չիյնային թուրքին ձեռքը։ Նախընտրեցին պատիւով մեռնիլ հաւատք չընծայելով թուրքին խոստումներուն։ Հայ քաջերը վճռած էին վերջին գնդակով վերջ տալ իրենց կեանքին։ Եւ ահա ինկան մէկիկ մէկիկ։ Կը տեսնէի, թէ ինչպէս հայ աղջիկը իր կուրծքը բացած կը հրահանգէր իր հարազատ եղբօրը, որ վերջ տայ իր կեանքին։ Տեսայ որ իմ մօրաքոյրս ինչպէս իր չորս զաւակները իրենց ջրհորին մէջ ձգելով ինքն ալ մէջը նետուեցաւ. երբ յանկարծ իր ամուսինը կը հասնի՝ ան ալ հորին մէջը կը նետուի, բայց չկրնալով դիմանալ դուրս կ՛ելլէ, բայց իսկոյն թուրք զինուորին գնդակին զոհ կ՛երթայ։ Անունն էր Քուփալենց Ապուն, համեստ բազմանդամ ընտանիքի հայր մը։ Մինչեւ այսօր կը կարծեմ որ ոչ մէկը ողջ չէ մնացեր։ Ուրիշներ սենեակին մէջ ածուխ կը վառեն, դռներն ու պատուհանները կը գոցեն եւ մուխին մէջ խեղդամահ կ՛ըլլան։ Եւ դեռ շատեր այսպէս։ Եւ այսպէս 23 Հոկտեմբեր 1915ին մեզ մնացողներս կը տանին դէպի Միլլէթխանէ…»։