ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդական մեր պաշտօնին բերումով, ցայսօր բազմաթիւ առիթներ ունեցած ենք այցելելու Սալմաստ գաւառի Մահլամ գիւղի հայոց գերեզմանատունը, որուն արեւելեան ծայրամասին, կողք-կողքի կը հանգչին 9 հայ նահատակ ֆետայիներու աճիւնները, միատեսակ ու միաչափ սեւ պազալտէ պատրաստուած տապանաքարերու ներքոյ:
Իւրաքանչիւր այցելութիւն իրեն յատուկ ապրումներու եւ յուշերու աշխարհ կը բանայ: Աւելին, յատկապէս հայ ազատագրական պայքարի մեծանուն հերոսներու հետ հաղորդութիւնը, եւ հայրենիքի փրկութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներու նուիրումի ոգիին հետ անմիջական շփումը, իրենց յաւիտենական հանգիստի վայրին մէջ, մեզի համար հոգեպէս զօրանալու անզուգական առիթ կը հանդիսանան:
Մեր վերջին այցելութեան ընթացքին, 5 Մարտ 2013ին, 9 նահատակներէն մէկուն՝ Շատախի Կաղբի գիւղէն Մնջոյի (Գաբրիէլ Մուրատեան) տապանաքարի արեւմտեան կողին

վրայ նշմարեցինք քանդակուած դրօշ, սիւնի վրայ խաչ, կտաւի մասը մէջտեղէն մէկ ճեղքուածքով երկու սրածայր մասերու բաժանուած, որոնց երկուքին վերջաւորութեան կան եռամատնեայ ծոպեր:
Նահատակներէն միայն մէկուն տապանաքարին վրայ գտնուող այս քանդակը մեր ուշադրութիւնը գրաւելով, դարձեալ ընթերցեցինք այս մասին ցարդ կատարուածուսումնասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ դէպքին մասին պատմող սկզբնաղբիւրները: Ուսումնասիրութիւններուն մէջ չհանդիպեցանք քանդակուած դրօշի մասին ոչ մէկ տեղեկութեան եւ ո՛չ իսկ ծանօթագրութեան: Բոլորին ուշադրութենէն վրիպած էր այդ, հաւանաբար նոյնաձեւ ու նոյնաչափ, քանդակային միեւնոյն արուեստով պատրաստուած տապանաքարերու ընդհանուր նոյնութեան մէջ կորսուած ըլլալով:
Մահլամի նահատակութեան դէպքը 1898 Հոկտեմբերի 13-25ին, Երեքշաբթի լուսաբացին տեղի ունեցած է: Փոխիկը, իսկական անունով Օհան Օհանեան, ծանօթ նաեւ Վահրամ Յովհաննիսեան անունով, Շատախի Սակ գիւղէն էր: Ան 1897 թուականին, Սալմաստի մէջ կը կազմակերպէ ֆետայական խումբ, որուն անդամներէն էին Մահլամի մէջ զոհուած եւ թաղուած 9 նահատակները՝ Մոկսեցի Խաչօ Մ. Յարութիւնեանն ու Յարութիւն Խաչոյեանը, ոզմեցի Նախօ Ղազարեանն ու Յարութիւն Աբրահամեան Փոխանեանը, Շատախցի Հարիկ Աբգարեանը, Շատախի Կաղբի գիւղէն Գաբրիէլ Մուրատեանը (Մնջօ), Նորադուզցի Գալուստ Գուլոյեանը, Խիզանցի Ստեփան Պետրոսեանը եւ Չմշկածագի Հազարի գիւղէն Աւետիս Օհաննէսեանը:
1898ին Փոխիկի խումբը կը հասնի Վան, սակայն այնտեղ տիրող յուսահատութեան պատճառով կը ստիպուի վերադառնալ Սալմաստ: Փոխիկը ճանապարհին ծանր հիւանդանալով, կը մնայ Ղալասար գիւղը, իսկ իր 9 ընկերները կը հասնին Մահլամ: Կը մտնեն գիւղացիի մը տունը եւ գիւղացիները իմանալով այդ մասին ու վախնալով գիւղատէր եւ դատաւորի օգնական Հաճի Խանի վրէժխնդրութենէն, կը պահանջեն որ ֆետայիները շուտով հեռանան: Ռուբէնի յուշերուն մէջ կը կարդանք այս մասին. «Մահլամի գիւղացիներու մեծամեծները կու գան Դաշնակցութեան ներկայացուցչին՝ Սամսոնին մօտ, կը պատմեն անոր եղելութիւնը եւ կը խնդրեն հեռացնել գիւղէն այդ զինուորները, հակառակ պարագային, իրենք պիտի երթան եւ յայտնեն Զարղամին եւ կառավարութեան: Սամսոնը կը համոզէ, որ գոնէ մի երկու օր միջոց տան, բայց գիւղի ներկայացուցիչները, կարծելով որ կ՛ուզէ ժամանակ վաստկիլ, որպէսզի զինուորները կամաց-կամաց ոտքի տեղ ընեն ու մտնեն գիւղը, ուղիղ կ՛երթան Զարղամին ու կը խնդրեն, որ իրենց գիւղէն դուրս ընեն ֆետայիները եւ կամ բանտարկեն» (Ռուբէն, Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները, Բ. հտ., Թեհրան, 1982, էջ 49): Խումբը կը հեռանայ եւ կը թաքնուի շրջակայ հնձաններուն մէջ:
Գիւղացիներէն մի քանին, աղա Զաքոյի եւ Մուղսի Դաւիթի գլխաւորութեամբ, կը դիմեն Խոյի եւ Սալմաստի դատաւոր Զարղամ էլ Միւլքին, որպէսզի ձերբակալէ փախստականները ու պատժէ զանոնք: Զարղամ խումբ մը զինուոր, երկու


թնդանօթ եւ հարեւան Սօմայի քիւրտ զինուորներէն ալ 300 հոգի կ՛ուղարկէ Մահլամ:
Փոխիկի խումբը տեսնելով իր պաշարուած ըլլալը ու չուզելով զէնքի ոյժով դիմադարձել Զարղամի զօրքին, մտածելով որ տեղւոյն հայութիւնը իր այդ քայլով կարող է տուժել, ուստի զօրքի առաջ դուրս գալով կը յայտարարէ, թէ «իրենք երբեք պարսկական կառավարութեան դէմ ոչինչ չեն ունեցել, որ հետները ունեցած զէնքը միայն աւազակների դէմ ինքնապաշտպանութեան համար կարող է ծառայել, եւ որ զէնք կրելում նրանք յանցանք չէին կարող տեսնել, քանի որ Պարսկաստանում սովորաբար արգելուած չէ այդ. բայց եթէ, այնուամենայնիւ, կառավարութեան կողմից կան իրենց վերաբերմամբ որեւէ կասկածներ՝ ապա նրանք կը յանձնեն իրենց մօտ եղած հրացանները եւ իրենք էլ անձնատուր կը լինեն» («Դրօշակ», 1898, թիւ 11, էջ 96-97):
Հայ ֆետայիներու վեհանձն սոյն արարքին արձանացումն է, մեր կարծիքով, քանդակուած այդ դրօշը Մնջոյի շիրմաքարին վրայ: Անոնց առաջնահերթ մտահոգութիւնը, ինչպէս
միշտ, եղած է հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը: Անոնք փաստօրէն իրենց ժողովրդասիրութեան ու մեր ազգի հանդէպ պաշտամունքի հասնող սիրոյ համար կը զոհաբերեն իրենց անձերը: Հաւանաբար Մնջօն էր որ սպիտակ դրօշ պարզեց, իբրեւ խաղաղարար նշան, եւ զինք թաղող իր ընկերները միայն անոր տապանաքարին վրայ քանդակեցին դրօշի այդ կերպը:
Բարբարոսներու զօրքը նկատի չունենալով վեհանձն ֆետայիներուն պարզած խաղաղութեան դրօշը, ոչ իսկ լսելով անոնց անձնատուութեան կոչը, կը սպաննեն իրենց թաքստոցներէն դուրս եկած քաջերը, իսկ Հաճի Խանը ինկածներուն գլուխները անմիջապէս կտրել տալով, կ՛ուղարկէ Զարղամին:
Սալմաստի մէջ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Խաչիկ Ծ. վրդ. Դատեանը տխուր լուրը իմանալով, Զարղամէն կը պահանջէ նահատակուածներուն գլուխները: Իսկ ան պատճառաբանելով թէ զանոնք տաճիկ կառավարութեան յանձնած է, չի տար եւ լուսանկարել տալով, կը թաղէ Քէօհնա-Շահար գիւղի փողոցներէն մէկուն մէջ: Ուստի առաջնորդական փոխանորդը անոնց դիակները ստանալով, կը թաղէ Մահլամի գերեզմանատան մէջ: Երկու շաբաթ ետք, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Այվատեանի դիմումներով, գլուխները կը յանձնուին Դատեան վարդապետին, որ զանոնք բերելով, երկրորդ անգամ թաղման արարողութիւն կը կատարէ Մահլամի մէջ, Հոկտեմբերի 30ին:
Քստմնելի այս ոճիրը անպատիժ չի՛ մնար: Եփրեմ Խանը հայ մատնիչներուն արժանի մահապատիժը կու տայ, նոյն օրը հաւաքելով 6-7 զինակիցներ, որոնք մտնելով Մուղսի Դաւիթի տունը, ամբողջ ընտանիքը կը կոտորեն: Նոյնպիսի վախճանի կ՛արժանանան նաեւ Ստեփանն ու Խուս Առաքելը: Դարձեալ մահով կը պատժուի աղա Զաքօն, իր կնոջ եւ աղջկան հետ միասին:
Ի շարս բազմաթիւ այլ նահատակներու ու սրբազան հերոսներու, Մահլամի մէջ հանգչող 9 ազատամարտիկները մեր թեմի արժանաւոր ու անմոռանալի զաւակներն են, որոնց նկատմամբ մեր ժողովուրդի բացառիկ յարգանքը պէտք էնաեւ արժեւորուի, աւելի ապահով ու խնամեալ տարածքի վերածելով Մահլամի գերեզմանատունը:

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յաճախ հրատարակուող լուսանկարներուն շարքին, Մահլամի սոյն նահատակներուն գլուխներու լուսանկարը առհասարակ կը ներկայացուին իրբեւ «հայ մտաւորականներու գլուխներ», որ չի համապատասխանէր պատմական ճշմարտութեան: Հարկ է որ անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան շրջագիծէն դուրս բերուին ու իրենց յատուկ առիթով ներկայացուին եւ յարգուին քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ:
Նահատակ Մնջոյի շիրիմին վրայ քանդակուած խաղաղարար սպիտակ դրօշի նորայայտ քանդակը, բոլոր ժամանակներու յարացոյց ապացոյցն է հայ քաջարի ազատամարտիկներու առաքինութեան եւ վեհանձնութեան:
Յուսով ենք, որ սոյն յայտնութիւնը դոյզն նպաստ կ՛ըլլայ անոնց անձնազոհութեան ու նուիրումի զգայացունց պատմութեան:
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի
Ազգային Առաջնորդարան
12 Մարտ 2013, Թաւրիզ