Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեր Դատին եւ անսակարկելի իրաւունքներուն հետապնդման աշխատանքները չափելու համար, իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24ը կը նշէ բնական հանգրուան մը, երբ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ նախորդ հանգրուանէն ասդին, արդեօք նկատառելի յառաջդիմութիւն արձանագրա՞ծ ենք մեր Դատին կենսագործման ճամբուն վրայ, արդեօք նահանջներ արձանագրա՞ծ ենք կամ ընկրկումներու մատնուա՞ծ…
Նաեւ սովորութիւն դարձած է, եւ ոչ պատահականօրէն կամ անտեղի կերպով, որ մեր աշխատանքներուն արդիւնքները չափելու համար, մեր մտածումներն ու աչքերը առաւելաբար ուղղենք դէպի «դուրս», այսինքն՝ դէպի Թուրքիա եւ հզօր պետութիւններ, որոնցմէ կը սպասենք, կը պահանջե՛նք մեր Դատին բոլոր երեսներուն ճանաչումն ու արդար լուծումի մը տարազումը։
Դատի կենսագործում հասկացութիւնը կ՛ընդգրկէ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան անվիճելի ըլլալուն հաստատումը, հետեւաբար նաեւ անոր բոլոր հետեւանքներուն՝ մարդկային զոհերուն, հողային կորուստին եւ Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ արձանագրուած վնասներուն դիմաց արդար հատուցում։
Այս ակնկալութիւնը արդար լուծումի միակ ուղին է, այս մասին մենք՝ հայերս, ոչ մէկ վէճ կը հանդուրժենք. այս բոլորը անխուսափելի նախապայման են դրական որեւէ շարժումի, որ կրնայ ներկայացուիլ Հայաստան-Թուրքիա կամ հայ-թուրք յարաբերութեանց բարելաւման խորագիրին տակ, իրենց կարգին ենթահող ծառայելով գործակցական կապերու իսկական բարելաւման։ Առանց ամբողջական փոխհատուցման, եւ այդ մասին Թուրքիոյ պետութեան կողմէ պաշտօնական հաստատումի, կը մնանք մասնակի կամ ամբողջական ինքնախաբէութեան սիւնակին մէջ, լուծումի ճամբան կը մնայ կիսատ, հետեւաբար նաեւ՝ ետդարձի մատնուելու վտանգին տակ։
***
Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ արդարութեան դրօշակիր ըլլալ յաւակնող երկիրներէ մեր սպասումն ու պահանջը յստակ է ու թօթափած է ամէն տեսակի շուք. իսկ բոլոր անոնք, որոնք այս յստակութեամբ չեն ուզեր տեսնել իրականութիւնը, պարզապէս ողորմելի կեղծաւորներ են, իրաւունք չունին կրելու այն մակդիրները, որոնք ինքնակոչ կերպով տուած են իրենք իրենց, իրենք զիրենք կը յորջորջեն արդարութեան ու ժողովրդավարութեան պաշտպան, տկարներու իրաւունքներու երաշխաւոր, բռնատէրներու դէմ պայքարող։ Այսպիսի որակումներու կ՛արժանանան, բայց անարդարօրէն, Անգարայէն սկսեալ մինչեւ Ուաշինկթըն, Լոնտոն ու շարք մը այլ յաւակնորդներ։
Իրենք զիրենք նման արգահատելի ու ծիծաղելի կացութեան մատնող իշխանաւորներու հարցը նախ եւ առաջ իրենք իրենց հետ է, յետոյ միայն անարդարութեան զոհ մնացող հայերուս կամ մեզի վիճակակից ժողովուրդներու հետ, սակայն դժբախտաբար չենք կրնար մեր ձեռքերը լուալ եւ ըսել անոնց. «Ձեր մեղքը՝ ձեր վիզին», որովհետեւ, նո՛յնքան դժբախտաբար, իրենց ձեռքերուն մէջ պատանդ բռնած են ժողովուրդներու ճակատագիրը, երկդիմի վարմունք եւ դաւաճանութեան համազօր ընթացք կ՛որդեգրեն նոյնինքն իրենց սեփական ժողովուրդներուն նկատմամբ, հոգ չէ թէ մարդիկ կը վարանին ճիշդ անուններով կոչելու խոստմնադրուժները, փոքրամասնութեան մը շահերուն պահապանութիւն ընելու համար զանգուածները տաժանքի ու անդոհանքի մատնող խեղկատակները…
Այս մասին երկար արձանագրութիւններ կատարելը մեր այս սիւնակը պիտի տանի այլ տեղ, մինչդեռ կը նախընտրենք մեր Դատին տեսանկիւնէն «արտաքին աշխարհ» կոչուող ոլորտին զուգահեռ, մեր աչքերը սեւեռել նաե՛ւ ներքին ոլորտին վրայ, այսինքն այն բեմերուն՝ որոնց վրայ տեղի ունեցող մեծ ու փոքր զարգացումները, մեր ժողովուրդին իրաւունքները աղճատումի մատնող արարքները կապ չունին Թուրքիոյ կամ անոր պաշտպաններուն կեցուածքին, այլ այդ գործընթացին ղեկը առաւելաբար, չըսելու համար ամբողջական կերպով մեր ձեռքերուն մէջ է, մեր ճակատագիրը, այս դիտանկիւնէն՝ հիմնականին մէջ մենք է որ կը տնօրինենք։
Մեր Դատին «ներքին» ոլորտը՝ աւելի քան 20 տարիէ ի վեր անկախ հանրապետութիւն հռչակուած մեր Հայաստանն է, իր ներքին քաղաքական, ապահովութեան, ընկերային-տնտեսական եւ, մէկ խօսքով՝ հայրենի հողին վրայ բնականոն պայմաններու ձգտող հայութեան տարրական ու մարդկային իրաւունքներուն երեսն է, բարեշրջման երազ, որ յառաջատուական կերպով անհասանելի կը մնայ զանգուածներուն համար։ Չենք մոռցած շրջանային գործօնները՝ շրջափակում, դրացիներու թշնամական վերաբերմունքներ եւայլք, սակայն կ՛ուզենք մեր հասողութեան մէջ եղող իրականութիւնները կոչել իրենց անշպար անուններով։
***

…Դարեր շարունակ երազած ենք, մեր ուժերուն ներած չափով պայքարած ալ ենք, ահագին արիւն թափած ու զոհողութիւններ կատարած՝ ի խնդիր անկախ պետականութեան, հայրենի հողին վրայ սեփական ճակատագիր տնօրինելու հանգրուանին հասնելու համար։ Հողին ու սեփական մշակոյթի պաշտպանութեան համար, իրերայաջորդ սերունդներ յարաճուն հնչեղութեամբ կտակներ թողած են յետնորդներուն, հասնելով մեզի՝ մեր օրուան սերունդներուն։
Դեռ երէկ էր, 20-25 տարի առաջ, երբ ապրեցանք զոհաբերութիւններու եւ պայքարի նորագոյն փուլը, որպէսզի… ի՞նչ։ Որպէսզի վերանկախացած Հայաստանը խաղալի՞ք դառնայ սակաւապետներու հաշիւներուն ու շահադիտական «քաղաքականութեան»…։ Երեւանի ղեկը մէկը միւսին ետեւէ յափշտակելու մրցումներ ըրին մարդիկ, որոնք միայն խօսքով հայրենասիրութիւն խաղցան ու կը շարունակեն խաղալ, մինչդեռ իրենց գործերով, հայրենաքանդ ու հայրենադաւ արարքներով ցոյց կու տան, որ Հայաստանի գոյատեւումը, ժողովրդավար ու բարգաւաճ երկիրներու շարքին տեղ գտնելու ճիգը դրուած է ճիշդ հակառակին տանող ճամբու մէջ։
Փաստօրէն, հայրենի ժողովուրդը, խորհրդային ապազգայնացնող բռնատիրութեան տասնամեակներէն ետք, թողլքուած է հայրենիքէն փախուստի տանող ապազգային այլ մրրիկի մը «խնամքին», որուն մէջ Թուրքիան, Ատրպէյճանն ու մեր դարաւոր այլ թշնամիները իրենք զիրենք կը գտնեն ժպտացող հանդիսատեսի աթոռներուն վրայ։ Երկրին բնական հարստութիւնները, երկրագործական ու մանր ճարտարարուեստի զարգացման բանալիները իւրացուած են փոքրամասնութեան մը կողմէ, որուն համար հայրենիք հասկացութիւնը պայմանաւորուած է միայն պատահական վայրով մը, որ կրնայ որեւէ ատեն տեղ փոխել, կրնայ ըլլալ Մոսկուան, կեդրոնական ասիական բնակավայր մը կամ արեւմտեան կողմն աշխարհի…։ Մասնակի շահերու պաշտպանութիւնը թշուառութեան կը տանի ժողովուրդը, ժողովրդավարութեան քողին տակ ամէնէն անժողովրդավար իրողութիւնները կը պարզուին, բիրտ ուժը, երբեմն ձեռնոցով քողարկուած, յաճախ նաեւ առանց ձեռնոցի կամ դիմակի՝ ահաւոր արտայայտութիւններ կը գտնէ խուլիկանացած իշխանաւորներու եւ անոնց գործակիցներուն մօտ (ի դէպ արձանագրենք, որ սա միայն մեր հայրենիքը արիւնաքամ ընող կացութիւն չէ, աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ ալ կը պատահի նոյնը, տարբեր ոճով ու այլազան կիրարկումներով, սակայն նման պատահարներ ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնեն անոնց Հայաստանի մէջ օրինակումը), ու մեր հայրենիքը, ժողովուրդին հետ միասին, կը սուրան նահանջէ նահանջ, ճիշդ այն ուղղութեամբ, որուն մասին չէին կրնար երեւակայել… Ցեղասպանութեան նահատակները, այդ օրերու հերոսամարտերը կերտողները, Արցախի Ազատամարտը յաղթանակով պսակողները, մէկ խօսքով՝ իրա՛ւ հայու կոչում ունեցող՝ մեր ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։
***
Այս տողերը կ՛արձանագրենք դառնութեամբ ու կսկիծով, նաեւ զայրոյթով։ Այս ու նմանօրինակ տողեր պէտք չէ արձանգրուէին, պէտք չէ արձանագրուին այսօրուան մեր հասարակական կեանքին մէջ, սակայն արձանագրուած են ու պիտի շարունակեն արձանագրուիլ, այնքան ատեն, որ մեր Դատին ՆԵՐՔԻՆ երեսը կը մնայ նոխազ՝ ապիկար իշխանաւորներու եւ անոնց գործակից չարաշահ փոքրամասնութեան մը անհորիզոն վարմունքին։
Հայաստանի իսկական ամրակայումը՝ ապահովութեան հաստատումը, տնտեսական-ընկերային արդար համակարգի մը ստեղծումն ու պետականօրէն երաշխաւորումը, մեր մշակոյթին զարգացման ուղիին վերականգնումը, բայց մանաւանդ իր ապագան հայրենիքին մէջ տեսնող, հայրենիքին համար համոզումո՛վ զոհաբերելու պատրաստ երիտասարդութեան գոյառումը անխուսափելի յենարաններն ու անմասնատելի մասնիկները կը հանդիսանան մեր Դատին, եւ, կրկնենք, այս բոլորին արդար լուծումը, հայրենաշէն մօտեցումով տնօրինումը ոչ մէկ կախուածութիւն ունին Թուրքիայէն, Ուաշինկթընէն կամ մեծ ու փոքր դրացիներէ, բարեկամ կամ թշնամի որակումը ունեցող երկիրներէ։
Մեր Դատին ներքին երեսներուն բարեշրջական տնօրինումը հաւասար պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ ոեւէ հայ, ան շնչէ Հայաստանի հողին վրայ թէ արտերկրի հայաշխարհին որեւէ մէկ անկիւնը։ Հայրենիքի գործնական, ոչ միայն նշանախօսքերով ու խաբեպատիր յայտարարութիւններով կառուցումը, ամրապնդումն ու հզօրացումը նոյն խրամատին մէջ կը դնէ թէ՛ իշխանութեան վրայ կանգնողը, թէ՛ ընդդիմադիրները։

Իրականութիւնները, դառնութիւններն ու տագնապները այս հայեցակէտերէն դիտելով, դժուար չէ տեսնել, շօշափել, թէ ինչպիսի մանրուքներու կը վերածուին նախագահական ընտրապայքարները, սարքովի ընտրութիւններէ շահով-վնասով դուրս գալու կացութիւններն ու իշխանութեան կողքին կամ անոր դէմ ծաւալող քաղաքական թէ քարոզչական շարժումները։
Թող անտեղի չթուի, եթէ պահ մը երթանք դարեր ետ, ու վերարտադրենք իմաստուն հայրապետի մը խօսքերը. «Մեր հիւանդ ոչխարը նախապատիւ է օտարի առողջ գայլէն…»։ Կարեւորը, սակայն, մեր այսօրուան հիւանդ ոչխարները պէտք է առաջին իրազեկներն ու անդրադարձողները ըլլան հայրենքին ու ժողովուրդին դիմագրաւած դժբախտութիւններուն, իրենց խլած ուժի դիրքերէն նախաձեռնեն Դատին ներքին երեսներուն դարմանումին, ընդառաջեն այդ հարցերուն լուծման նախանձախնդիր իսկական ընդդիմադրութեան հրաւէրներուն, եւ հայրենիքին քաղաքական, ապահովութեան եւ ընկերային-տնտեսական հարցերուն լուծման համար բանան համատեղ գործակցութեան ճամբաներ, որլորտներ, դաշտեր։ Նման նախաձեռնութեան մը կ՛ընդառաջէ ոեւէ ընդդիմադիր։ Նման նախաձեռնութիւն աննախընթաց պարագայ պիտի չըլլայ աշխարհի մէջ. տագնապներու մատնուած երկիրներու մէջ ամէնէն ոխերիմ հակառակորդներն անգամ տեղ մը ձեռք ձեռքի տուած են ընդհանրական, հայրենիքի շահերը գերադասելով։
Մենք այսօր կը գտնուինք դէպի յառաջ ու վեր նման ոստում կատարելու մարտահրաւէրին դիմաց…
Նման իրագործում ո՛չ միայն գործնական ընդառաջում պիտի ըլլայ մեր անցեալի ու երէկի նահատակներու կտակին, պատգամներուն, այլ նաեւ մեր հայրենիքն ու հայութիւնը պիտի դնէ արդի աշխարհին հետ քայլ պահելու, արտաքին խօլ արշաւներուն հետ մրցունակ դառնալու վազքուղիին մէջ։
Հայաստանն ու հայութիւնը արժանի են նման բարեշրջումի։
Կորսուած առիթները, նեղմիտ գործելակերպի այս տարիները կրնան շուտով մոռացութեան մատնուիլ, անյիշաչարութիւնը կը պարտադրէ ինքզինք, այս տասնամեակներէն կը մնան միայն դառն յիշատակներ (նմանապէս ոչ աննախընթաց բաներ մեր պատմութեան մէջ), սակայն ամէնէն կարեւորը՝ Դատի ներքին դաշտերուն բարեկարգումը ամուր յենարան կը տրամադրէ արտաքին պայքարի ուղիներուն։
…100ամեակը միայն երկու տարի ետք է։