ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Հայկական Ցեղասպանութեան մասին:
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, թէ 1915ին իրագործուեցաւ մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ Ցեղասպանութիւնը, որ սկսաւ հայ ժողովուրդի բռնի տեղահանութեամբ: Կուսակցութիւնը կոչ ըրաւ Թուրքիոյ, որ դէմ յանդիման գայ իր պատմութեան, իր անցեալին հետ՝ ներողութիւն խնդրելով հայ ժողովուրդէն։
Նաեւ, կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը առաջարկ ներկայացուց, որ խորհրդարանէն ներս յատուկ յանձնախումբ մը կազմուի՝ 1915ի դէպքերը քննելու նպատակով։
«Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը կը նկատէ, թէ այժմ եւս կը շարունակուին սպառնալիքները տարբեր ինքնութիւն, մշակոյթ եւ հաւատք ունեցող մարդոց նկատմամբ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, Ցեղասպանութեան տարելիցի ոգեկոչման միջոցառումներ տեղի ունեցան նաեւ Տիարպեքիրի մէջ։ Հոն նախ կայացաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողով մը, որմէ ետք մասնակիցները գացին դէպի Տիգրիս գետ եւ տասը կամար ունեցող կամուրջէն վարդեր նետեցին դէպի Տիգրիս )Տիճլէ), որ արիւնով ողողուած էր 1915ի կոտորածի օրերուն:
«Պիյանեթ»ի կայքէջը կը գրէ, թէ Տիարպեքիրի համաժողովը կազմակերպուած էր քաղաքի փաստաբաններու միութեան եւ քաղաքապետարանին աջակցութեամբ։ Համաժողովի գլխաւոր նիւթն էր՝ «Տիարպեքիրցի հայեր՝ տեղահանութեան տարելիցին»։ Մասնակիցներու կարգին էր Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան, որ ելոյթ մը ունենալով՝ ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս պատահած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սարաֆեան նշեց, որ միայն Տիարպեքիրի մէջ 80 հազար հայեր կ՛ապրէին 1915էն առաջ եւ շեշտեց, թէ Ցեղասպանութեան գաղափարական նպատակն էր կայսրութեան իսլամացումն ու թրքացումը։
Նաեւ, քիւրտ լրագրող Էրթուշ Պօզքուրթ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ գործելու «յանցանք»ով մեղադրեալներէն մէկն է, Ապրիլ 24ին կայացած դատական նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ այդ օրը հայերու կոտորածներու տարելիցն է, եւ ինք ու իր ընկերները կը բաժնեն հայերու վիշտը։
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» հաղորդելով այս լուրը՝ նշեց, թէ Պօզքուրթ իր յայտարարութիւնը կատարեց 46 ամբաստանեալներու անունով։ Բոլոր մեղադրեալները սեւ տարազներով եկած էին դատարան ու ըսած, թէ սեւ հագած են՝ հայերու կոտորածի տարելիցին առթիւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.