
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին քննադատեց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած յայտարարութիւնը՝ շեշտելով, թէ նախագահը իր այդ արարքով տեղի տուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու եւ չդատապարտելու՝ Թուրքիոյ պահանջներուն առջեւ:
«Կը ցաւինք, որ նախագահը որոշեց չըլլալ այն ղեկավարը, որ «ո՛»չ կ՛ըսէ Թուրքիոյ ճնշումներուն: Անոր նահանջը տեղի կ՛ունենայ հակառակ իր կատարած այն խոստումներուն, թէ իբրեւ նախագահ՝ պաշտօնապէս ու յստակօրէն պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Մեր նախագահին մեղսակցութիւնը թրքական ուրացման արշաւին, արդարութեան դէմ դրուած խոչընդոտ մըն է, որ անպատիժ կը ձգէ հայ ազգին դէմ Թուրքիոյ գործած ոճիրը», կը շեշտուի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:
Յայտնենք, թէ Օպամա այս տարի եւս իր ուղերձին մէջ 1915ի դէպքերը որակեց իբրեւ «Մեծ Եղեռն» (հայերէն բառերը գործածելով)՝ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառէն։ Օպամայի ուղերձին մէջ կը նշուի հետեւեալը.
«Այսօր մենք կը յիշատակենք Մեծ Եղեռնը եւ կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնք նահատակուեցան 20դ դարու ամենասարսափելի վայրագութիւններուն ընթացքին։ 98 տարի առաջ 1.5 միլիոն հայեր կոտորուեցան, տեղահանուեցան ու դէպի մահ քալեցին Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն։ Մենք կը յարգենք խորտակուած կեանքերուն յիշատակը եւ կը յիշենք աննկարագրելի այն տառապանքները, զորս անոնք կրեցին այդ սարսափելի օրերուն։ Մենք կը միանանք այն միլիոնաւորներուն, որոնք աշխարհի չորս ծագերուն եւ Ամերիկայի մէջ սրբութեամբ կ՛ոգեկոչեն այդ նահատակներուն յիշատակը։ Մենք նաեւ մեզի կը յիշեցնենք հետեւեալ յանձնառութիւնը. չարտօնե՛լ, որ պատմութեան այդ մութ էջը կրկնուի։ Ես արտայայտած եմ իմ դիրքորոշումը 1915ի դէպքերուն վերաբերեալ։ Ամբողջական, բաց ու արդար ճանաչումը կը բխի մեր շահերէն։ Ազգեր առաւել ուժեղ են՝ ճանչնալով ու հաշուեյարդար տեսնելով անցեալի ցաւալի էջերուն հետ, կառուցանելով աւելի արդար ու հանդուրժող ապագայ մը։ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գնահատեն այս դասը. մենք կը ձգտինք հաշտեցնելու մեր իսկ պատմութեան մութ պահերը։ Մենք կ՛ողջունենք այն խիզախ հայերն ու թուրքերը, որոնք այս ճամբայէն կը քալեն, ու կը խրախուսենք, որ ուրիշներ եւս հետեւին անոնց՝ իրենց կառավարութիւններուն եւ անձամբ իմ օգնութեամբ։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը անկասելի ոգի ունի եւ մեծ ճկունութիւն՝ հակառակ ահռելի դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն։ Միացեալ Նահանգները ուժեղ է՝ մեր հասարակութեան ու մշակոյթին մէջ ամերիկահայ համայնքին ունեցած ներդրումներուն շնորհիւ։ Մենք կը կանգնինք հայերու կողքին՝ ոգեկոչելով Մեծ Եղեռնի յիշատակը, եւ կը յայտնենք մեր հաւատարմութիւնը՝ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ստանձնած մեր յանձնառութեան»։
Plato said that serious man never uses too many words when doing serious thing.
No honest leader uses too many speeches to recognize a horrible crime.
No nation does a move for any other nation. Only for its own interests. If US needs to recognize Armenian genocide, it will. If it does not need – it will not.
What about us, Armenian-Americans? We can stop expecting.