ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 41րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Երեքշաբթի, Ապրիլ 16ին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց համագումար՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։
Առաւօտուն տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն։ Օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց սրբազանը՝ իբրեւ առաջնորդող մտածում վեր առնելով Պօղոս առաքեալի Ա. Կորնթացիս Դ. գլուխի 1-5րդ եւ 19-21րդ համարները: Առաջնորդը շեշտեց, թէ հոգեւոր պաշտօնի եւ առաքելութեան նուիրուածները պէտք է ըլլան հաւատարիմ իրենց վստահուած հոգեւոր աւանդներուն։ «Չքննադատել ու չդատել, այլ դատաստանը Աստուծոյ ձգել։ Չգոռոզանալ եւ չյոխորտալ, այլ խոնարհութիւնը եւ ծառայական արդիւնաշատ կեանքը դարձնել մեր հպարտութեան եւ հոգեկան գոհունակութեան աղբիւրները», ըսաւ ան։
Արարողութենէն եւ հաւաքական խմբանկարէն ետք, եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» սրահին մէջ բացման հաւաքական աղօթքով՝ հոգեւորականաց համագումարը բացուած յայտարարուեցաւ։ Բացման իր խօսքին մէջ, առաջնորդը ողջունեց ներկայ հոգեւորականները ու անգամ մը եւս կանգ առաւ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները միասնական ճիգերով հոգալու անհրաժեշտութեան առջեւ, «որպէսզի իւրաքանչիւրէս ակնկալուածը լաւագոյնս իրագործենք՝ պայծառ, շէն եւ բաբախուն պահելու Հայց. առաքելական եկեղեցին, որուն հոգեւոր ծառայութեան լծուած ենք»։
Տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն։ Առաջարկուեցաւ, որ Կրօնական ժողովի դիւանը վարէ հոգեւորականաց համագումարը։ Ժողովը համաձայն գտնուեցաւ եւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որպէս ատենապետ, իսկ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան՝ ատենադպիր, վարեցին ժողովը։
Օրակարգի հաստատումէն ետք, հայր Միւռոն հակիրճ կերպով անդրադարձաւ շաբաթավերջին, Լաս Վեկասի մէջ նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման եւ այդ առթիւ ստեղծուած ժողովրդային խանդավառ մթնոլորտին:
Ժողովը զբաղեցաւ թեմական կեանքի կրօնական ու կազմակերպչական հարցերով, որոնց կարգին էր Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած ՀՄԸՄի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» սկաուտական շքանշանի տուչութեան դասընթացքին համար յատուկ գրքոյկի մը պատրաստութիւնը, որուն մասին զեկուցեցին հայր Միւռոն եւ Խաչիկ սրկ. Շաննագեան։
Կէսօրուան ճաշէն ու կարճ դադարէ մը ետք, հայր Միւռոն խօսեցաւ «Ներկայ ժամանակներուն Հայ մայրը եւ անոր պարտականութիւններն ու պատասխանատութիւնները» նիւթին շուրջ։ Լուսաբանիչ հարց-պատասխաններու աւարտին, ժողովը ծանօթացաւ Ազգ. երեսփոխանական ժողովին ներկայացուելիք՝ սրբազանին ու Կրօնական ժողովի տեղեկագիրին, նաեւ արձանագրուեցան կարգ մը յաւելումներ ու թելադրանքներ։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նախորդ համագումարներէն բխած այն առաջարկներն ու ծրագիրները, որոնք առնչութիւն ունին թեմի հոգեւոր կեանքի աշխուժացման ու զարգացման։ Բանաձեւուեցան նաեւ Ազգ. երեսփոխանական ժողովին փոխանցուելիք առաջարկներն ու ծրագիրները։
Համագումարը արձանագրեց նաեւ Ապրիլ 24ի առիթով նախատեսուած արարողութիւններն ու յուշահանդէսները, որոնց կարգին էր Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի՝ Ցեղասպանութեան յիշատակման նուիրուած նիստը, ի ներկայութիւն առաջնորդ սրբազան հօր, ընկերակցութեամբ Վահան քհնյ. Կոստանեանի:
Ապա, համագումարը ընտրեց Ազգ. երեսփոխանական ժողովի հոգեւորական անդամները։
Համագումարը վերջ գտաւ ժամը 5ին, սրբազանին եզրափակիչ խօսքով, «Պահպանիչ»ով եւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.