ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Մայիս 2013ի առաջին շաբաթավերջին, Կլենտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահը անգամ մը եւս փոքրիկ Հայաստանի մը պիտի վերածուի, ուր պիտի իրականացուի Հայ Օգնութեան Միութեան տարեկան 12րդ փառատօնը:
Հայկական մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները հանրութեան ներկայացնող գեղեցիկ այս նախաձեռնութիւնը ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասուի հանրութեան կողմէ: Հոն պիտի ըլլան շրջանի սիրուած երգիչ-երգչուհիներ, հայկական պարախումբեր, տեղւոյն վրայ նաեւ առիթ պիտի ստեղծուի սորվելու հայկական մեր հիասքանչ շուրջպարերը: Պիտի վաճառուին հայկական համադամ ճաշեր ու անուշեղէններ, որոնք պատրաստուած պիտի ըլլան անձնազոհ մեր ՀՕՄուհիներուն կողմէ: Երկօրեայ յայտագրին մէջ իրենց յատուկ տեղը պիտի գրաւեն հայկական տարազներու ցուցադրութիւնն ու հայկական աւանդական հարսանիքը: Հոն պիտի ըլլան հայրենակցական միութիւնները՝ այցելուներուն ներկայացնելու իրենց յատկանշական սովորութիւնները, տարազները, ճաշերն ու ձեռագործները: Պիտի ցուցադրուին արուեստի բազմազան ստեղծագործութիւններ, շրջանի արուեստագէտներու եւ առեւտրականներու կողմէ:
«Շրջանի հայ համայնքի քաջալերանքով համոզումը ունինք, թէ ՀՕՄի 12րդ փառատօնը յաջող պիտի ընթանայ: Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ այս տարի իբրեւ նորութիւն պիտի հրատարակենք բնական միջոցներով բժշկելի նիւթերու եւ զանոնք օգտագործելու ձեւերու գրքոյկ մը (HOMe Remedies Book), որուն համար մեծ թիւով նիւթեր ապահոված ենք», ոգեւորութեամբ ընդգծեց փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուներէն Սեդա Դարբինեան:
«Մեր փափաքն է, որ հայրենիքէն հեռու եւ յատկապէս այս ափերուն ապրող հայութիւնը չմոռնայ հայկական մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները, իսկ տեղացի ժողովուրդը՝ ծանօթանայ անոր: Մեր յաջողութեան համար կը վստահինք ՀՕՄի համակիրներուն, որոնք երբեք յուսախաբ չեն ըրած մեզ», աւելցուց ան:
Փառատօնի եկամուտը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի տեղական եւ միջազգային զանազան այն ծրագիրներուն, որոնք կը նպաստեն կարօտեալ անհատներուն եւ համայնքներու կարիքներուն:
Փառատօնը իր դռները պիտի բանայ Շաբաթ, 4 Մայիս 2013, կէսօրէ ետք ժամը 1ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ կէսգիշեր, իսկ Կիրակի, 5 Մայիս 2013ին՝ բաց պիտի ըլլայ կէսօրէ առաջ ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7: Մուտքը $3 է: Հասցէ՝ 1401 N. Verdugo Road, Glendale, CA 91208, Կլենտէյլ քոլեճի դիմացը։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել ՀՕՄի գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւին կամ դիմել office@arswestusa.org հասցէին, ինչպէս նաեւ այցելել www.arswestusa.org ՀՕՄի կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.