ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արդէն գրեթէ հարիւրամեակ մը անցած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութենէն, սակայն Անգարա կը շարունակէ հերքել այս կոտործաները՝ միաժամանակ կ՛աջակցի ծայրայեղ իսլամականներուն, որոնք Սուրիոյ մէջ կ՛առեւանգեն եւ կը սպաննեն քրիստոնեաներ, ներառեալ՝ հայեր. այս մասին կը գրէ Ֆրանսայի Մեց քաղաքի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի փրոֆ. Ալեքսանտր տել Վալ:
Քաղաքագէտը կ՛աւելցնէ, թէ մինչ Անգարա ներկայիս կը բանակցի իր ներքին թշնամիին՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ, հարիւրաւոր քաղաքացիներ Ապրիլ 24ին Պոլսոյ մէջ հաւաքուած էին ոգեկոչելու Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Սակայն, Թուրքիա ոչ միայն կ՛ուրանայ Ցեղասպանութիւնը, այլեւ դպրոցական դասագիրքերու մէջ կը պնդէ, թէ հայե՛րն են, որ ցեղասպանութեան ենթարկած են թուրքերը:
«Թէեւ վերջերս Թուրքիոյ մէջ շատեր կոչ կ՛ընեն ժողովրդավար դարձնելու հասարակութիւնը, սակայն թրքական քաղաքական կուսակցութիւնները եւ ազգայնա-իսլամիստական կառավարութիւնը՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, ցարդ չի փափաքիր պաշտօնապէս ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Աւելին, այսօր Թուրքիա ճնշումներ կը բանեցնէ այն երկիրներուն վրայ, որոնք բանաձեւեր կը վաւերացեն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ», կը նշէ ան՝ իբրեւ օրինակ յիշելով Ֆրանսա-Թուրքիա դիւանագիտական լարուածութիւնը:
Քաղաքագէտը կ՛աւելցնէ, թէ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու կողքին, Էրտողան հպարտօրէն կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ գործող ծայրայեղ իսլամականներուն, որոնց թիրախը քրիստոնեաներն են: «Հայերը երկար ժամանակ հանգիստ ապրած են Սուրիոյ մէջ, ուր ապաստան գտած են Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք: Սակայն, այսօր, անոնց գոյութիւնը վտանգուած է իսլամական ապստամբներուն պատճառով, որոնք կը պնդեն, թէ հայերը խոչընդոտ մըն են «յեղափոխութեան» առջեւ եւ կ՛աջակցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին: Սուրիոյ հայկական համայնքէն հարիւրաւորներ սպաննուած, անհետացած կամ առեւանգուած են: Թուրք-սուրիական սահմանը կը բնակին թիւրքմէններ, որոնք զէնք կը ստանան Թուրքիայէն եւ այժմ կը խօսին հայերու «նոր ցեղասպանութեան» մը նախապատրաստութեան մասին, եթէ հայերը շարունակեն հակառակիլ Սուրիական ազատ բանակին: Սակայն, արեւմտեան մամուլը, որ սովորաբար մեծ տեղ կը յատկացնէ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, լուռ կը մնայ՝ անհասկնալի պատճառնելով: Իսկ ո՞վ հետաքրքրուած է Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն ճակատագիրով», կ՛եզրափակէ Ալեքսանտր տել Վալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.