
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թաւրիզի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 2ին բողոքագիր մը յղեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան. այս մասին կը հաղորդէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Բողոքագիրին մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պահանջէ Թեհրանի իշխանութիւններէն, որ յստակացնեն, թէ երկու օր առաջ ինչո՞ւ ատրպէյճանցի քաղաքացիներ ձերբակալուած են Իրանի մէջ: Նամակին մէջ նաեւ կը պահանջուի, որ Իրան անյապաղ տեղեկութիւններ փոխանցէ ձերբակալուած ատրպէյճանցիներուն գտնուած վայրին մասին:
Թաւրիզի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան բողոքագիրին իբրեւ պատասխան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները բանաւոր կերպով պարզապէս հաստատած են, թէ Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներ ձերբակալուած են:
«Թեհրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունը եւ Թաւրիզի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը իրենց ուշադրութեան տակ կը պահեն այս հարցը: Ատրպէյճան պիտի ընէ ամէն ինչ՝ իր քաղաքացիներուն իրաւունքը պաշտպանելու համար», յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նշենք, որ իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, թէ Խալիտա Խալիտ եւ անոր օգնականը ձերբակալուած են Ապրիլ 30ին: Ձերբակալութեան ընթացքին անոնք կը գտնուէին Իրանի մէջ ատրպէյճանական անջատողական շրջանակներու հետ կապեր ունեցող գործիչի մը բնակարանը: Անոնց կողքին ձերբակալուած են նաեւ Իրանի քաղաքացի չորս ատրպէյճանցի գործիչներ:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ սոյն ձերբակալութիւնները կը կապեն դէպի Իսրայէլ կատարուած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի առաջին այցելութեան հետ, եւ յատկանշական է, որ ձերբակալութիւններէն մէկ օր առաջ Իրան այցելած էր Ատրպէյճանի նախագահի անձնակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւը: