
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի պետական համալսարանը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցաբար, յայտարարեց «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի մեկնարկը:
Հայոց Ցեղասպանութեան գծով օրէ օր աւելցող մարտահրաւէրներուն առկայութեամբ աւելի զգալի կը դառնայ այս առարկային լաւապէս տիրապետող, բանիմաց հայ մասնագէտներու պահանջը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին ընդառաջ՝ հայ կրթօճախներուն համար այս խնդիրը աւելի քան կարեւոր է:
Ուստի, ԵՊՀի եւ Հայաստանի ԳԱԱ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նախաձեռնութեամբ պիտի իրականացուի «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրը:
Մագիստրոսական ծրագիրը պիտի գործադրուի ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի ծիրին մէջ: Մագիստրոսական ուսումնառութեան ուղղութիւնները պիտի ըլլան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմագիտական, ընկերահոգեբանական, միջազգային իրաւունքի, միջազգային յարաբերութիւններու, մշակութաբանութեան, լեզուագիտական ոլորտներու պարունակին մաս կազմող հիմնախնդիրները:
Ծրագիրը պիտի ներկայացնեն եւ դասաւանդեն մասնագէտներ, առիթ պիտի ստեղծուի նաեւ արտերկրէն հրաւիրուած դասախօսներ ներգրաւելու ուսումնական գործընթացին մէջ:
Մայիսին արդէն իսկ կը սկսի մագիստրոսի բաժինի ընդունելութիւնը, որուն կրնան մասնակցիլ ոչ միայն պետական համալսարանի, այլ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր համալսարաններու մարդաբանութեան բաժինի շրջանաւարտները։