
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոկլիօն՝ Հռոմի ներկայի Ֆրանսիս պապը, ինչպէս նաեւ արժանթինցի վարդապետ Աբրահամ Սքորքան 2010 թուականին պատրաստած են «Երկնքի եւ երկրի մասին» վերնագիրով գիրք մը, որ վերահրատարակուած է 2013 թուականին: Գիրքին մէջ քննարկուած են տարբեր նիւթեր՝ կրօն, աթէիզմ, մահ, Ողջակիզում, միասեռականութիւն եւ դրամատիրութիւն:
Արժանթինեան «Diario Armenia»ի համաձայն, «Կրօններու մասին» հատուածին մէջ Պերկոկլիօ գրած է. «20րդ դարուն անոնք հիմնովին քանդած են գիւղեր, քանի որ իրենք զիրենք աստուածներ նկատած են: Թուրքերը այդ մէկը կատարած են հայերուն, գերմանացիները՝ հրեաներուն։ Անոնք մարդ սպաննելու համար օգտագործած են աստուածային ստորոգելիներու մասին քննարկումները»:
«Ողջակիզումի մասին» բաժինին մէջ պապը գրած է. «Մեծ տէրութիւնները «լուացած են իրենց ձեռքերը» եւ ուրիշ կողմ նայած են, քանի որ աւելի շատ բան գիտցած են, քան խօսած են, ինչպէս որ անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին «լուացած են իրենց ձեռքերը»: Այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութիւնը հզօր էր, աշխարհը պատերազմի շեմին էր եւ ուրիշ կողմ կը նայէր»:
Վերջապէս «Համայնավարութեան եւ դրամատիրութեան մասին» բաժինին մէջ Խորխէ Մարիօ Պերկոկլիօն ընդգծած է. «Եթէ մարդը դրախտի մասին մտածելով չի պայքարիր իր իրաւունքներուն համար, ան իսկապէս կը գտնուի աֆիոնի ազդեցութեան տակ: Մարդիկ, որոնք ենթարկուած են հետապնդման եւ կոտորածի, ինչպէս անցած դարու երեք մեծ ցեղասպանութիւններուն ընթացքին՝ հայերու, հրեաներու եւ ուքրանացիներու, պայքարած են իրենց ազատութեան համար»: