ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներ երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործեցին»՝ վստահեցնելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնք ունենալու պարագային՝ զայն չի կրնար օգտագործել»: Ան ըսաւ, որ «քիմիական զէնքի օգտագործումը սուրիական կառավարութեան համար եւս «կարմիր գիծ» է»:
Ակնարկելով իսլամ ծայրայեղականներու «Ճապհաթ Նուսրա» կազմակերպութեան՝ Զողպի նշեց, թէ մինչ Միացեալ Նահանգներ այդ կազմակերպութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին մէջ առած է, անոր հետ վարուելակերպը «կը հակասէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի սկզբունքին»՝ պնդելով, թէ Ուաշինկթըն կը ջանայ սուրիական կառավարութիւնը դատապարտել, քան թէ՝ ճշմարտութիւնը յայտնաբերել: «Ինչպէ՞ս կրնաս ահաբեկչական կազմակերպութեանց դէմ պայքարիլ եւ նոյն ատեն «Ճապհաթ Նուսրա»ին զէնքեր ղկել», հարց տուաւ ան:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պնդեց, որ սուրիական վարչակարգը ընդդիմադիր զինեալներու դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործած է՝ աւելցնելով, թէ այս հարցը պիտի քննէ Ուաշինկթըն իր այցելութեան ընթացքին: «Սուրիոյ վարչակարգը իր վերջին պահերը կ՛ապրի, սակայն չենք գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի տապալի», ըսաւ Էրտողան:
Մինչ այդ, Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քարնի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն սուրիական ընդդիմութեան զէնքեր չէ տրամադրած եւ պիտի չտրամադրէ, «սակայն իր առջեւը եղող բոլոր ընտրանքները աչքէ կ՛անցընէ»: Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը յայտնեց, որ սուրիական թղթածրարը արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ՝ Մայիս 7-8ի միջոցին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.