ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Ապրիլ 7ին, աւելի քան 300 հոգի ներկայ եղած էր ՀԲԸՄի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին կազմակերպած՝ Քէյ Մուրատեանի «Մօրս Ձայնը» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեան:
Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք, Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու վկայութեանց հիման վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարած Տանըլ Միլըր եւ Լոռնա Տուրեան-Միլըր խօսեցան «Հայկական Ցեղասանութեան ընթացքին հայ կանանց փորձառութիւնը» նիւթին մասին:
Ներկայ էր նաեւ ֆիլմին բեմադրիչը՝ Մարք Ֆրիտմընը:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Կլենտէյլի ու Փասատինայի կրթաշրջաններու վերահսկիչի նախկին տեղակալ դոկտ. Ալիս Պետրոսեան, որ շեշտը դրաւ այս ֆիլմը հանրային վարժարաններու մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան մէկ մասնիկը դարձնելու կարեւորութեան վրայ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Գրիգոր Սաթամեանը, իսկ փակման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի ատենապետ իրաւաբան Ալին Խանճեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.