ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 6 Մայիսին, ժամը 10ին Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները:
Ըստ անոնց, կուսակցութիւններու եւ կուսակցութեանց դաշինքներու ստացած թեր քուէաթերթիկներուն թիւը հետեւեալն է.
Առաքելութիւն կուսակցութիւն 2692 (0.64 տոկոս).
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն 97,189 (23.05 տոկոս)
Բարեւ Երեւան կուսակցութիւններու դաշինք 35,732 (8.47 տոկոս).
Հայ Ազգային Կոնգրես կուսակցութիւն 18,499 (4,39 տոկոս).
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւն 15,999 (3.79 տոկոս).
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն 235,512 (55.86 տոկոս).
Օրինաց Երկիր կուսակցութիւն 15,733 (3.73 տոկոս).
Քուէատուփին մէջ առկայ սահմանուած նմոյշի ծրարներուն թիւը՝ 436,590.
Անճշդութիւններու ընդհանուր թիւը՝ 288:
Ընտրողներու հիմնական ցանկերու ընտրողներու թիւը՝ 816,475։
Քուէարկութեան օրը ընտրական տեղամասերուն մէջ կազմուած ընտրողներու լրացուցիչ ցուցակներու ընտրողներու թիւը՝ 3:
Ընտրողներու ընդհանուր թիւը՝ 816,478:
Քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը՝ 437,212 կամ 53,55 տոկոս։
Ընտրական կեդրոններու ընտրական յանձնաժողովներուն յատկացուած քուէաթերթիկներուն թիւը՝ 829 հազար:
Ելունդներուն թիւերը՝ 1էն 829 հազար:
Տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ օգտագործուած քուէաթերթիկներու ընդհանուր թիւը՝ 391,039։
Անվաւեր քուէաթերթիկներու թիւը 15,250:
Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կուսակցութիւններուն համար անցման շեմը 6 տոկոսն է, իսկ կուսակցութիւններու դաշինքներուն համար՝ 8 տոկոսը: Այսպիսով, Երեւանի աւագանիին մէջ միայն երեք ուժ պիտի ըլլայ՝ ՀՀԿն, ԲՀԿն եւ «Բարեւ Երեւան» դաշինքը: ՀԱԿը, ՀՅԴն, ՕԵԿն ու «Առաքելութիւնը» ձախողեցան աւագանիի ընտրութիւններուն:
Ընտրութեանց արդիւնքներու լոյսին տակ Տարօն Մարգարեանը պիտի նկատուի Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ:
Նշենք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին քուէարկութեան օրէն ետք 7րդ օրը, այսինքն՝ Մայիս 12ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.