ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը Յունուար-Մարտ 2013ին կազմած է 128.2 հազար. այս լուրը յայտնած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին հետ բաղդատելով՝ զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 22.9 տոկոսով:
Այս տեղեկատուութիւնը ուշագրաւ է նաեւ անով, որ այս տարուան Մարտին (Նովրուզի տօներուն) Հայաստան այցելող իրանցիներուն թիւը էապէս նուազած էր: Սովորաբար Նովրուզի տօներուն Հայաստան կ՛այցելէին շուրջ 30 հազար իրանցիներ, սակայն այս տարի, ըստ նախնական տուեալներու, անոնց թիւը մօտ 10 հազար էր: Իրանցի զբօսաշրջիկներուն թիւի նուազումը հիմնականին մէջ կապուած է այդ երկրին մէջ արտարժոյթի ձեռքբերման բարդութիւններուն:
Յունուար-Մարտ 2013ին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն հեռացած է 137.2 հազար մարդ կամ 2012ի համապատասխան ժամանակաշրջանի նկատմամբ ցուցանիշը աճած է 14.2 տոկոսով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.