ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ապրիլ 30ին հայերը արթնցան հետեւեալ հրատապ լուրով. «Ռուսլան Ցարնի ներողութիւն կը խնդրէ հայ համայնքէն», ինչպէս կը հաղորդէր Մեսեչուսեց նահանգի Ուաթըրթաուն քաղաքին մէջ հրատարակուող «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթի խմբագիր Ալին Գրիգորեանը:
Ցարնի մինչեւ ներողութիւն խնդրելը միջազգային լրատուամիջոցներուն ըսած էր, որ «իսլամացած հայ մը լուացած էր» իր զարմիկներուն՝ Պոսթընի ահաբեկիչներ Թամերլանի եւ Ճոխարի ուղեղները: Հօրեղբայր Ցարնի, հայ մը կապելով այս նողկալի յանցագործութեան հետ, յառաջացուցած էր զայրոյթը բոլոր հայերուն, որոնք կասկածելի շարժառիթներ կը տեսնէին անոր տարօրինակ պնդումներուն ետին:
Բնականաբար հայերը հանգստացան՝ իմանալով, որ Ցարնի «Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթին ըսած էր հետեւեալը. «Հայաստանը շատ հզօր մշակոյթ ունի, ուստի ես կ՛ուզեմ ընդգծել, որ անոր (Միշայի) ինքնութիւնը որեւէ կապ չունի անոր հետ: Երանի թէ ես երբեւէ այդ մէկը ըսած չըլլայի«: Շարունակելով խօսքը՝ ան ներողութիւն խնդրած էր հայ համայնքէն՝ զայն «այս հրէշաւոր իրադարձութեան» հետ կապելուն համար:
Թէեւ Ցարնիի ներողութիւնը լաւ սկիզբ էր, սակայն անհամեմատելի էր այն ահռելի վնասին հետ, զոր ան պատճառած էր աշխարհասփիւռ հայերուն՝ արատաւորելով անոնց բարի համբաւը: Միայն հայկական թերթի մէջ ներողութիւն խնդրելը չէր կրնար ի չիք դարձնել այդ վնասը, քանի դեռ ան իր ըսածը չէր կրկնած «Սի. Էն. Էն.»ով կամ այլ պատկերասփիւռի ընկերութիւններով:
Կապ հաստատելով Ցարնիի հետ՝ հարցուցի անոր, որ արդեօք նման ներողութիւն պիտի հայցէ՞ ամերիկեան պատկերասփիւռի կայաններէն: Ան դրական պատասխան տուաւ, քանի որ կ՛ափսոսար հայու անունը «այս տխուր դրուագին մէջ» ներքաշելուն համար: Ցարնի շեշտեց, որ ինք չէ «խօսած բոլոր հայերուն մասին, այլ՝ միայն հայկական ծագում ունեցող մէկուն: Ես երբեք մտադրութիւն չեմ ունեցած վնասելու հայերը կամ որեւէ մէկը: Շատ կը ցաւիմ, որ հայ ժողովուրդին անունը օգտագործուած է: Ես զիս մեղաւոր կը զգամ: Ես կ՛ուզեմ ներողութիւն խնդրել: Ոչ մէկուն հաճելի պիտի ըլլայ առնչութիւն ունենալ նման արարքի հետ»: Ցարնի խնդրեց ինձմէ հայ ժողովուրդին տեղեկացնել, որ սարսափելիօրէն վատ կը զգայ պատկերասփռուած իր հարցազրոյցներուն մէջ հայերու մասին խօսելուն համար:
Նկատի առնելով հրապարակային նոր յայտարարութիւն ընելու անոր պատրաստակամութիւնը, անոր առաջարկեցի օգնել՝ ներողութիւն խնդրելու նոր գրութիւն պատրաստելու հարցով՝ հետագային պատկերասփիւռով անոր հաւանական ելոյթին համար: Նախ ան ողջունեց այդ գաղափարը, սակայն աւելի ուշ յայտնեց, որ ինք ո՛չ իմ առաջարկս կ՛ընդունի, ո՛չ ալ իր յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ պնդելով, որ իր նախկին յայտարարութիւնները հաւաստի էին, քանի որ Միշան հայկական ծագում ունէր, անտեսելով այն փաստը, որ Ատրպէյճանի մէջ ծնած Միշա Ալախվերտով ունէր խառն՝ հայկական եւ ուքրանական ծագում: Ցարնի նաեւ յայտնեց, որ երբեք նկատի չէ ունեցած «ամբողջ (հայ) ազգը: Անիկա անձնաւորութեան պարզ բնութագիր էր, որուն անունը ես այն ժամանակ չէի գիտեր: Եթէ գիտնայի, որ անոր անունը Միշա էր, ան կ՛ըլլար Միշա, այլ ոչ թէ՝ հայ կամ մէկ ուրիշը»: Ան արդարացուց նաեւ «նոր իսլամացած հայկական ծագում ունեցող» արտայայտութեան օգտագործումը՝ պնդելով, թէ մտադիր եղած է «օգնել լրատուամիջոցներուն, լրագրողներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն՝ այդ մարդը գտնելու համար»: Հետեւաբար, ան որոշած էր ներողութիւն չխնդրել պատկերասփիւռով, ինչպէս որ նախօրօք խոստացած էր:
Նաեւ ան վիճարկեց «Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթին լուրը իր ներողութիւն խնդրելուն մասին՝ պնդելով, թէ իր ըսածը «սխալ մէջբերած են»: Ան յայտարարեց. «Ես երբեք չեմ ըսած՝ «Երանի թէ ես երբեւէ այդ մէկը ըսած չըլլայի»: Ես ըսած եմ, որ մտադրութիւն չեմ ունեցած հայերու անունը գործածել պայթումներուն հետ կապուած: Ես խօսած եմ որոշակի անձնաւորութեան մասին, եւ ինծի ըսին, որ անոր մասին տեղեկութիւնը հաստատուած է իբրեւ ճիշդ տեղեկութիւն»: Հակառակ Ցարնիի ուշացած հերքման, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթը տէր կը կանգնի իր հաղորդած լուրին, եւ ես որեւէ պատճառ չունիմ կասկածելու այդ թերթին ճշմարտացիութեան:
Ես Ցարնիին յիշեցուցի անոր անկատար մնացած յանձնառութեան մասին՝ ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանէն հանդէս գալու «հայ Միշայի» մասին անհիմն պնդումներուն վերաբերեալ: Ան դեռ չէ պատասխանած, քանի որ զբաղած է իր եղբօրորդին՝ Թամերլանի յուղարկաւորութեան կազմակերպելով:
Բազմաթիւ անպատասխան հարցեր կան Ցարնիի մասին: Հակառակ անոր որ համացանցը լի է անոր անցեալին վերաբերեալ տարբեր տեսակի մեղադրանքներով, սակայն կը գերադասենք կանգ առնել հայ համայնքին համար առաւել անմիջական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ.
– Ինչո՞ւ Ցարնի ներողութիւն խնդրեց «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթէն, իսկ յետոյ փոխեց կեցուածքը ու պնդեց, թէ իր ըսածը սխալ մէջբերած են: Արդեօք ան կը ցաւէ՞ր լրատուամիջոցներուն ըրած իր նախկին յայտարարութիւններուն համար, իսկ այնուհետեւ անոնցմէ հրաժարեցաւ՝ «անյայտ շահերէ» խորհո՞ւրդ ստանալով, որ պէտք չէ հայերէն ներողութիւն խնդրել:
– Ինչո՞ւ ան անձնական յանձնառութիւն ստանձնեց իմ առջեւս՝ հանդէս գալու գլխաւոր պատկերասփիւռի ընկերութիւններէն՝ հայերէն ներողութիւն խնդրելու համար, իսկ ապա հրաժարեցաւ անկէ:
Այս անպատասխան հարցերը կը մղեն միայն զարմանալու հօրեղբայր Ցարնիի խորհրդաւոր շարժառիթներէն եւ առեղծուածային կապերէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը