
«Եաւուրեան» սթուտիոն «Նարեկացի» Արուեստի միութեան կեդրոնէն ներս Երեքշաբթի, Մայիս 7ին, երեկոյեան ժամը 7ին կայացուց «Քեսապ» վաւերագրական ժապաւէնի հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Սոյն ժապաւէնը իրականացած է Մխիթարեան միաբանութեան, «Քեսապցիներ Քեսապի համար» կայքի համատեղ նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Քեսապէն դուրս բնակող Քեսապցի բարերարներու աջակցութեամբ:
«Քեսապ» վաւերագրական ժապաւէնի նախագիծի մտայաղացման հեղինակներն են՝ Մխիթարեան միաբանութեան հայրերէն հայր Համազասպ Քեշիշեան, Նորայր Մելքոնեան, բեմադրիչ Նանէ Բագրատունի, իսկ բեմագրութեան հեղինակներն են՝ Նանէ Բագրատունին եւ հայր Համազասպ Քէիշեան եւ արտադրող՝ Լիպարիտ Ասատրեան:
«Քեսապ» վաւերագրական Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք բեմադրիչ Նանէ Բագրատունի իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ժապաւէնի նկարահանման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ «Նարեկացի» Արուտեստի միութեան, որ առիթ տուաւ ֆիլմի ցուցադրութիւնը կազմակերպելու իր յարկին տակ: Նանէ Բագրատունի նաեւ ընթերցեց հայր Համազասպ Քէշիշեանի այս առիթով ուղղած նամակը:
Սոյն ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան զուգահեռ ցուցադրուեցան նաեւ Անահիտ Գրիգորեանի «Հալէպեան մոթիւներ» խորագիրով եւ Լիպարիտ Ասատրեանի հետ համատեղ Քեսապի մէջ առնուած լուսանկարները:
Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին, Միջերկրական ծովու ափին, Մուսա լերան ծովային հարեւանութեամբ գտնուող Քեսապ բնակավայրին մէջ հայերու ներկայութիւնը կու գայ դեռ Մեծն Տիգրանի ժամանակներէն: Այժմեան Սուրիոյ մաս կազմող Քեսապի մէջ այսօր ալ կը շարունակեն բնակիլ հայեր: Հայ մանուկներու հետ միասին հայկական դպրոց յաճախող արաբ մանուկները հայերէն «Առաւօտ լուսոյ» կ՛երգեն: Այնտեղ ծնած է երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսը: Եղեռնը վերապրած Գալիլ Նէնէն 102 տարի ապրած է ու կը պատմէ 1915ի արհաւիրքները՝ տեղահանութեան, գաղթի եւ վերադարձի մասին: Այնտեղ կը բնակի արաբ մտաւորական Նիզար Խալիլի, որ արաբերէնի թագմանած է Նարեկացին, Խորենացին, Մխիթար Հերացին եւ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ արաբերէնի թարգմանել հայկական գործեր:
Շարժապատկերին մէջ երեւցող քեսապցի երիտասարդ երաժիշտները՝ Յովակն ու Խաժակը կը ծառայէին Սուրիոյ բանակին մէջ, երբ պատերազմը սկսաւ: Քանի մը ամիս առաջ Յովակը նահատակուեցաւ, իսկ Խաժակէն տակաւին լուր չկայ: Բեմադրիչ Նանէ Բագրատունի անոնց մասին կ՛ըսէ. «Յովակն ու Խաժակը բանակում էին, երբ պատերազմը սկսուեց… Յովակի կորուստը ողջ Քեսապը սգում է: Մի քանի ամիս անյայտ կորած համարուելուց յետոյ պետութիւնը Յովակի հայրիկի «Տի.Էն.Էյ.» քննութեան հիման վրայ նրա աճիւնն ուղարկում է գիւղ… Հարազատները ուզում են հաւատալ հրաշքի, որ մի օր լուր գայ, թէ դա նրա աճիւնը չի եղել… Խաժակ Աբէլեանից 9 ամիս է արդէն ոչ մի լուր չկայ»: Ան աւելցնելով՝ ըսաւ. «Երբ Քեսապում առաջին անգամ լսեցի «Միսաքեան խումբ»ի «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի» կատարումը (որ ներառնուած է ֆիլմին մէջ) յուզուեցի, խոստացայ երեխեքին, որ, երբ իրենք Հայաստան գան, անպայման համերգ կը կազմակերպեմ, իրենք էլ ասացին, որ պէտք է պարապեն եւ ռեպերտուարը մեծացնեն»: