
Կիրակի, 5 Մայիսի երեկոյեան, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ Այնճարի հայութիւնը համախմբուած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու մայր հողին վրայ տակաւին

գոյատեւող եւ իր ինքնութեան վերադարձող Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած իր քոյր-եղբայրներուն:
Սովորականէն տարբեր բնոյթի ձեռնարկ մըն էր, որ տեղի կ՛ունենար՝ ներկայութեամբ Այնճարի հոգեւոր հովիւներուն, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին, Այնճարի մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ ԼԵՄի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն եւ մեծաթիւ հայրենակիցներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց, յանուն ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, Լալիկ Խօշեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի բնոյթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, որուն գործակցութեամբ կարելի դարձած էր այս ձեռնարկը: Ան անդրադարձաւ Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ գոյատեւող հայութեան բեկորներուն՝ բարձր գնահատելով այս գծով Հայկազ Ալվրցեանին տարած աշխատանքը՝ որպէս ՀՅԴ Բիւրոյի Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայոց հարցերու երեւանեան գրասենեակի տնօրէն: Լ. Խօշեան նաեւ անփոփ ձեւով ներկայացուց Հայկազ Ալվրցեանի կենսագրականը:
Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը համշէնահայութեան մասին, որմէ ետք ծաւալուն բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ Հայկազ Ալվրցեան:
Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց համշէնահայութեան պարզած վիճակը, իսլամացած եւ մայր հողին վրայ ապրող հայութեան տարբեր հատուածները, անհրաժեշտ տուեալներ ներկայացնելով իւրաքանչիւրին մասին: Ալվրցեան յայտնեց, որ հայութեան այս հատուածը ոչ թէ միայն կրցած է պահել իր ինքնութիւնը, յատկապէս՝ աւանդութիւններու եւ մշակոյթի պահպանումով , այլ այդ հատուածը կը ներկայացնէ գիտակից հայութեան մէկ բաժինը, որուն մասին պէտք է ոչ միայն մտածել, այլ նաեւ՝ այցելել, կապեր հաստատել եւ ի հարկին օժանդակել: Ան յայտնեց, որ հայութիւնը բաղկացնող հիմնական չորս հատուածներուն վրայ (Հայաստան, Արցախ, æաւախք եւ Սփիւռք) պէտք է աւելցնել նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի իսլամացած հայութիւնն ու համշէնահայութիւնը, որոնք անբաժան մասն են հայ ժողովուրդին: Ան կոչ ըրաւ ներկաներուն այցելելու այս շրջաններու հայութեան, մօտէն ծանօթանալու անոնց նիստ ու կացին եւ մանաւանդ հաղորդակցելու հայու կարօտ այս հատուածին հետ:
Բանախօսութենէն ետք ելոյթ ունեցան լիբանանահայ երգիչներ Ալիս Իբրաճեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Գօգօ Արոյեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Անոնք կատարեցին համշէնահայութեան երգերէն իւրայատուկ նմուշներ եւ շարք մը ազգային-հայրենասիրական երգեր:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգի կատարումով: