
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Մօտ օրէն պիտի վերսկսին Պէյրութ–Երեւան ուղղակի թռիչքները, որոնք դադրած էին «Արմաւիա»ի սնանկացման պատճառով։ «Միտըլ Իսթ Էրլայնզ»ը արդէն աւարտած է բանակցութիւնները Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն հետ եւ որոշուած է կատարել թռիչքները: Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Փան- Արմինիըն»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ «Միտըլ Իսթ Էրլայնզ»ի առաջին թռիչքը տեղի պիտի ունենայ 5 Յուլիսին։
«Արմաւիա»ի սնանկութենէն ու ուղղակի թռիչքներու դադրելէն ետք Երեւանէն Պէյրութ եւ հակառակ ուղղութեամբ կարելի էր փոխադրուիլ Տուպայի վրայով։
«Կը կարծեմ, որ ասիկա շատ կարեւոր հանգամանք է: Միջին Արեւելքի մէջ կ՛ապրին կազմակերպուած հայկական համայնքներ: Ներկայ դրութեամբ բացի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, ուղղակի թռիչք չկայ դէպի Երեւան», նշած է ան։
«Հայրենամերձ հայկական գաղթօճախներուն եւ հայրենիքին միջեւ կապը առաւել եւս աշխուժացնելու առումով ռազմավարական նշանակութիւն ունին Պէյրութ-Երեւան թռիչքները: Կայ նաեւ այլ կէտ մը. Թուրքիան տարածաշրջանին, նաեւ Լիբանանի մէջ, իր ներկայութիւնը աշխուժացուցած է, ասոր հիմնական միջոցներէն մէկը Պէյրութէն դէպի Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներ կայացող թռիչքներն են։ Մենք նաեւ այս նկատառումով պէտք է աշխուժացնենք Երեւանի հետ կապը», յայտնած է Շահան Գանտահարեան։