
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պոլսահայ լրագրող Սեւան Նշանեան Չորեքշաբթի, Մայիս 22ին, 13.5 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած է՝ Մուհամմատ մարգարէն վարկաբակելու յանցանքով. այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս» թերթը: Նշանեան փրկագին վճարելու առիթ պիտի չունենայ:
Աւելի կանուխ, նոյն մեղադրանքով քրէական հետապնդում մը սկսած էր յայտնի թուրք դաշնակահար Ֆազիլ Սայի նկատմամբ, սակայն ան կրցած էր խուսափիլ բանտարկութենէն՝ փրկագին վճարելով:
Նշանեանի դէմ դատ բացուած էր «ժողովուրդի մէկ մասին կրօնական արժէքները վիրաւորելու» մեղադրանքով, եւ անոր համար կը պահանջուէր մինչեւ 1.5 տարուան բանտարկութիւն:
Նշանեանի դէմ բողոքած էր Թուրքիոյ 15 քաղաքացի՝ պնդելով, թէ Նշանեան իր արտայայտութիւններով վիրաւորած էր Մուհամմատ մարգարէի վարկը:
Նշանեան անհիմն կը համարէ իր հասցէին կատարուած մեղադրանքը: