
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Մոսկուա՝ մասնակցելու «Եւրոպական անվտանգութեան ռազմաքաղաքական ասպեկտները» խորագիրով միջազգային համաժողովին:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ, որ Օհանեան հանդիպումներ ունենայ կարգ մը երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: