ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Միացեալ Նահանգներու Երկրաբանական ծառայութեան ներկայացուցիչները Հայաստան այցելած են՝ շերտաքարային կազի պաշարներու առկայութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով: 22 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Արեգ Գալստեանը: «Մեզ համար շատ կարեւոր է տարբերակել էներգիայի մեր սեփական աղբիւրները, ներկրուող էներգիային զուգահեռ օգտագործել նաեւ սեփական պաշարները», յայտնած է Գալստեան:
Ըստ անոր, «Եու.Էս.Ճի.Էս.»ի մասնագէտները արդէն այցելած են Հայաստան եւ զեկուցում կը պատրաստեն իրենց կատարած ուսումնասիրութեան եւ պաշարներուն մասին. «Այդ արդիւնքները մենք անպայման կը ներկայացնենք հանրութեանը»:
Հայաստանի կառավարութիւնը քարիւղի եւ կազի յայտնաբերման վեց գօտի առանձնացուցած է, սակայն հանրապետութեան հաշուեկշիռին մէջ քարիւղի կամ կազի պաշարներ չկան տակաւին: Դրացի երկիրներէն շերտաքարային կազի յայտնաբերման կը խթանէ Թուրքիան, որ յոյսեր ունի Հայաստանին յարակից հարաւարեւելեան շրջաններէն կատարուելիք յայտնաբերումներէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.