ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Վաճառականները իրարմէ կը տարբերին ո՛չ թէ միայն իրենց վաճառած ապրանքներով, որովհետեւ ատոնք իրենց գործի ներքին բաժանումները կարելի է համարել: Անոնք նաեւ իրարմէ կը տարբերին իբրեւ անձ, իբրեւ մտածողութիւն, իբրեւ վերաբերում եւ իբրեւ նկարագիր:
Այս տարբերութիւնը մարդկային անհատականութեան հետ առնչուած է: Սակայն կայ տակաւին ա՛յլ տեսակի տարբերութիւն, որ կը զատորոշէ վաճառականները իրարմէ: Այդ տարբերութիւնը կը դրուի ամէն տեսակի առարկայ վաճառելու պատրաստակամութիւն ունեցող վաճառականի տեսակին, եւ՝ միայն որո՛շ տեսակի ապրանքներ վաճառելու կեդրոնացում ունեցող վաճառականի տեսակին միջեւ:

Երկուքն ալ վաճառական են եւ բնականօրէն երկուքն ալ ունին վաճառական մարդը յատկանշող նկարագրային գիծերը, որոնք «արհեստին յատուկ գաղտնիքներ»ն են: Սեւին վրայ ճերմակ գոյն կարելի չէ՛ տեսնել վաճառականին մօտ: Ուրիշ խօսքով, ամէն ինչ պարզ եւ յստակ տեսնելու յոյսը պէտք է նուազագոյնի իջեցնել, վաճառականի հետ զրուցելու ու անկէ գնում ընելու միջոցին: Անիկա բնա՛ւ իր վաճառած առարկաներուն անգործնական, տգեղ, ծուռ ու թերի կողմերը չի՛ տեսներ, հակառակ անոր որ ամբողջական գիտութիւնը կ՛ունենայ այդ ամէնուն: Պատկերաւոր բացատրութեամբ, վաճառականը իր առարկաները ծախած միջոցին, «բաց աչքերով կոյր» մըն է:
Յատկապէս կին դասակարգի յաճախորդներ իրենց կանացիութեան ապաւինած, երբեմն յանդգնութիւնը կ՛ունենան գնումի պահուն, ուղղակի վաճառականին ցուցնել այն թերութիւնները որոնք բացայայտօրէն կ՛երեւին վաճառուած առարկային վրայ, թերեւս յոյս ունենալով սակարկումի եւ գինի նուազումին: Դժբախտաբար, սակայն, վաճառականները այդ թերութեան նայելով հանդերձ, «չեն տեսներ» զանիկա, ու հազար պատճառաբանութիւններով եւ լուսաբանութիւններով կը փորձեն շեղել յաճախորդին ուշադրութիւնը:
Վաճառականը իր «արհեստ»ին մէջ այնքան կը յառաջանայ, որ երբեմն կ՛անցնի շողոքորթութեան կողմը: Շատեր խաբուսիկ այն մտածումը ունին, որ իրենց ծանօթ, երբեմն նոյնիսկ ազգականական կապ ունեցող վաճառականներ չե՛ն խաբեր զիրենք: Ուստի, առանց աջ ու ձախ շեղուելու, կամ առանց շատ մտածելու, ուղղակի կը դիմեն իրենց «բարեկամ» վաճառականին: Իսկ այս վերջինս, աւելի «մտերմիկ» ու աւելի «անկեղծ» բացատրութիւններով, շատ դիւրաւ կը յաջողի վաճառել այն առարկաները, որոնք աւելի դժուարաւ պիտի վաճառէր ամբողջովին օտար յաճախորդի…:
Ուրիշներ դեռ այն կարծիքին են, որ տուեալ վաճառականին մնայուն յաճախորդ դառնալը կը նպաստէ, անոր կողմէ բարեացակամ վերաբերումի արժանանալուն: Գէթ այն խաբկանքը կ՛ապրին անոնք, որ մնայուն յաճախորդ ըլլալով, ու տարուէ տարի բարեկամական ամուր կապեր հաստատած ըլլալով տուեալ վաճառականին հետ, «լաւ ապրանք» ձեռք պիտի ձգեն:
– Ի վերջոյ ասիկա իմ գործս է, կ՛ըսէր տարիներու ճարտար վաճառականը, իր հարազատներէն մէկուն վաճառելէ ետք այն ապրանքը, որ երեք տարիներէ ի վեր չէր կրցած ծախել ուրիշին…:
Այո, թերեւս իրաւունք ունէր վաճառականը այդպէս մտածելու, որովհետեւ իր ապրուստի ճամբան է ատիկա, ու քաղցի եւ ծարաւի դիմաց, դժբախտաբար պարկեշտութիւնը միշտ տուժած է: Կշիռքին միւս նժարը, որուն մէջ վաճառականին ու անոր ընտանիքին անօթի ստամոքսը դրուած է, անշուշտ աւելի ծանր պիտի կշռէ, քան մարդկայնութիւնը, պարկեշտութիւնը, եւ բոլոր դրական այն բառերը, որոնք «ութիւն»ով կը վերջանան:
Կ՛ըսուի, թէ ամէն ինչ ծախող վաճառականը սնանկացած, յանկարծ իր հայրը ուսերուն առած, սկսած է թաղէ թաղ պտըտիլ, զայն ծախելու համար: Տեսնողները շփոթած հարցուցած են.
-Ի՞նչ կ՛ընես:
Մարդը, իր արհեստին յատուկ խանդաղատանքով եւ իր ունեցած «ապրանք»ը սուղի ծախելու վարպետութեամբ, ըսած է.
– Պիտի ծախեմ, բացառիկ մէկն է:
– Իբրեւ գերի՞, իբրեւ ստրո՞ւկ, իբրեւ ծառա՞յ, թէ՞ սպասաւոր, հարցուցած են անցորդները:
– Ինչպէս որ ուզուի, միայն թէ ուզո՛ղ ըլլայ:
– Բայց ուզող կ՛ըլլա՞յ, ապշահար հարցուցած են «յաճախորդներ»ը:
– Եթէ չըլլայ, արդէն հայրս է, դարձեալ ինծի կը մնայ:
Այս հոգեբանութիւնը կը կոչուի «վաճառականի հոգեբանութիւն», որ ո՛չ իր «ապրանքներ»ուն միջեւ տարբերութիւն կը դնէ, ո՛չ ալ իր յաճախորդներուն: Կրթական մեր պատասխանատուութեան ընթացքին հանդիպած ենք աշակերտի, որ տոկոսով դրամ կու տար ո՛չ միայն իր հասակակիցներուն, այլ՝ նաեւ իր ծնողներուն, գումարը իբրեւ ժառանգ ստացած ըլլալով իր մեծ հայրէն…:
Այս անչափահաս «վաճառական»ին ապագան յստակ չէ՞: Կրնա՞յ միթէ անիկա տարբերութիւն դնել իր յաճախորդներուն միջեւ, կամ կրնա՞յ խղճմտանքով ու անկեղծութեամբ մօտենալ ոեւէ յաճախորդի…:
Աշխարհը վաճառատունի եւ իրենց դերը վաճառականի գործին հետ շփոթող մարդոց շատ կը հանդիպինք: Սակայն, ամէն ինչ չի՛ վաճառուիր:
Չվաճառուող «ապրանք»ներու շարքին են ծնողները: Այստեղ «վաճառել» բայը, նաեւ «լքել» իմաստով կը հասկցուի, որուն խօսակցական տարբերակը «ծախել» բայով կ՛իմացուի: Այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհը ինչքան ալ խնամատարական միջոցներ ընձեռէ տարեցներու պաշտպանութիւնն ու հոգածութիւնը ստանձնելով, զաւակներու առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է հոգալ զանոնք: Նոյն պարտաւորութիւնը կարելի է տարածել նաեւ զաւակներու նկատմամբ:
Նոյն տեսակ «ապրանք»ներու շարքին են նաեւ կրօն, եկեղեցի, ազգութիւն ու հայրենիք, որոնք ո՛չ միայն մասնաւոր գին ու սակ չունին, այլ վաճառելիք «ապրանքներ» չեն, ինչքան ալ ճարտար «վաճառական»ի ձեռքը անցնին ատոնք:
Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջալոյսին «ծախուած» մայրաքաղաք Անին մինչեւ այսօր չէ՛ ներած զինք վաճառողներուն, ու հայոց պատմութեան այդ էջերը երբեմն ցաւով ու ամօթով կը թերթատենք հայերս:
«Հայրենիքը վաճառել»ու տարբեր կերպեր կան, որոնք անպայման նիւթական փոխատուութիւն չեն: Արժէքները չե՛ն վաճառուիր, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գին տալ, կամ սակ ճշդել ատոնց համար: Արժէքները անգին կ՛ըլլան: Հայրենիքը այնպիսի արժէք է, որուն արժէքով կը չափուի անոր տէրը նկատուող ժողովուրդը: Սակայն, այն ժողովուրդը որ չի՛ կրնար տիրութիւն ընել իր հայրենիքին, արժանի չէ՛ ատոր արժէքով չափուելու կամ արժեւորուելու: Որովհետեւ անարժան ժողովուրդ մը, ճարպիկ վաճառականին նման դրամագլուխի կը վերածէ իր հայրենիքը, ու օրին մէկն ալ, վերեւ ներկայացուած պատմութեան մէջ յիշուած վաճառականին նման որ իր հայրը ուսերուն առած վաճառքի հանած էր, ինք ալ իր հայրենիքը ծախու կը հանէ:
Ծնողք, զաւակ, կրօն, եկեղեցի, դաւանանք, ազգութիւն ու հայրենիք, չվաճառուող հարստութիւններ են, ինչքա՛ն ալ ճարպիկ ու արհեստավարժ «վաճառականներ»ու ձեռքը անցնին ատոնք: Միշտ, եւ ամէնուն, պէտք է յիշեցնել ըսելով, թէ՝
– Ամէն ինչ չի՛ վաճառուիր: