ՖԼԻՆԹ, Միշիկըն, «Էն.Փի.Առ.».- Միշիկընէն Նիքոլ Լին Մենսֆիլտ անունով իսլամացած 33ամեայ ամերիկացիի մը ընտանիքը Հինգշաբթի, Մայիս 30ի երեկոյեան, «Տիթրոյիթ Ֆրի Փրէս» թերթին տեղեկացուցած է, թէ նոյն օրը «Էֆ.Պի.Այ.»էն երկու գործակալներ ընտանիքին լուր տուած են, թէ Սուրիոյ մէջ, սուրիական վարչակարգին դէմ կռիւներուն մասնակցած նշեալ ամերկուհին սպաննուած է հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ: Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը եւս Մայիս 30ին հաղորդած էր այս լուրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.