ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Յունիսին ընդունած է Չեխիայէն ժամանած խորհրդարանականներու խումբը, որ ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ կը գտնուի։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ ԼՂՀ Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Արթուր Թովմասեանը, քննարկուած են Արցախ-Չեխիա փոխյարաբերութիւններուն վերաբերող կարգ մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է խորհրդարաններուն միջեւ կապերու հաստատման:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախը մեծապէս հետաքրքրուած է Չեխիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատմամբ եւ զարգացմամբ՝ աւելցնելով, որ ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ երկու պետութիւններուն համար:
Չեխ պատգամաւորները տեսակցութիւն ունեցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ, որ կարեւոր նկատած է նման յարաբերութիւններու հաստատումը, որ կարելիութիւն պիտի տայ մօտէն ճանչնալու զիրար, տեղւոյն վրայ ստոյգ տեղեկութիւններ ստանալու հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրներուն վերաբերեալ: Չեխ պատգամաւորները հետաքրքրուած են Արցախի օրէնսդրական դաշտին, ընտրական համակարգին, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի գործունէութեան, կառուցուածքին, օրէնսդիր մարմինին մէջ երկրի քաղաքական ուժերու ներգրաւուածութեան, խորհրդարանական դիւանագիտութեան դրուածքին, երկրի հանրային-քաղաքական կեանքի առանձնայատկութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին, որոնց վերաբերեալ Ազգային ժողովի նախագահը հանգամանալից պարզաբանումներ տուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.