ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Միջին Արեւելքի բռնկուն խմորումներու եւ աշխարհաքաղաքական եռեւեփումի խորապատկերը արագօրէն խտացնելու եկան Թուրքիան ներքնապէս ցնցող խռովութիւնները։
Պոլսոյ մէջ վերջին օրերուն ծաւալած բողոքի ցոյցերն ու ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուած բախումները յղի են անակնկալ զարգացումներով։
Տարածաշրջանային մեծապետական ուժի իր երբեմնի՝ «օսմանեան» շրջանի ազդեցութիւնն ու հեղինակութիւնը «վերականգնելու» թրքական պետութեան յաւակնութիւնները ահա, ի վերջոյ, բախեցան Թուրքիոյ Հանրապետութեան հասարակական շաղախը յատկանշող հակասութիւններու ականներուն եւ… պայթեցան։
Վարչապետ Էրտողանի քարոզած արեւմտեան եւ ազատ-շուկայական արեւելումով «չափաւորական իսլամիզմ»ը, փաստօրէ՛ն, այլեւս ի զօրու չէ քողարկելու «նոր օսմանականութեան» դրօշին տակ թրքական պետութեան հետապնդած ռազմաքաղաքական բուն նպատակները եւ ծաւալապաշտական ախորժակները։
Ակնյայտ է, որ Սուրիոյ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ուղղութեամբ Թուրքիոյ ձեռնարկած ընդհանուր յարձակողականը, իր ծաւալապաշտական մերկութեամբ, համապատասխան լրջութեամբ չընկալուեցաւ «Նոր Աշխարհակարգ»ը առաջնորդող մեծապետական ուժերուն կողմէ։ Անհրաժե՞շտ էր դէմ յանդիման կանգնիլ այս օրերուն թուրք հասարակութիւնը վարակած ընդվզումի եւ ըմբոստացման բուռն ալիքին, որպէսզի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպայի թէ Միջին Արեւելքի անոր զինակիցները, համախոհները եւ պարզապէս հետեւորդները… զգաստանային։
Կարեւորը ա՛յն է, որ հիսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Արաբական Աշխարհի մեծ թէ փոքր երկիրները, կամ՝ նախկին խորհրդային գօտիի երկիրներէն մինչեւ Իրան ու Աֆղանստան «գարուն» բերելու դրօշ պարզած «Նոր Աշխարհակարգ»ի առաջնորդները, կամայ թէ ակամայ, ահա կանգնած են «Թրքական Գարուն»ին նկատմամբ իրենց դիրքորոշումը յստակացնելու հրամայականին առջեւ։
Դժուար է ստուգապէս եզրակացնել, որ թէեւ բացայայտ ուշացումով, բայց «գարուն»ը ի վերջոյ սկսած է բացուելու Թուրքիոյ հասարակութեան համար։ Չենք խօսիր «թուրք ժողովուրդ»ին առջեւ յուսատու հորիզոն բացող «գարնան» մասին, որովհետեւ ինչպէս Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, նոյնպէս եւ «թուրք ժողովուրդ»ը բիրտ ուժով ստեղծուած քաղաքական ամբողջութիւններ են, որքան ալ արժանացած ըլլան միջազգային իրաւական ճանաչումի։
Այդ առումով ալ անտեղի է փութկոտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք համոզումով կը պնդեն, թէ «թրքական գարուն»ը ի վերջոյ եկած է…
Անվիճելի է, անշուշտ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մականին տակ առնուած ազգային թէ դաւանական միաւորները դատապարտուած են ստոյգ կորուստի, եթէ «գարուն»ը չբացուի Փոքր Ասիոյ տարածքին։
Թրքական Վտանգը չտեսնելու կամ թերագնահատելու ընդհանուր պատրանք մը անկասկած գոյութիւն ունի. ինչպէս երէկ, նաեւ՝ այսօր։ Սուրիան վերջին ներկայացուցիչն էր այն թերահաւատներուն, որոնք թրքական պետութեան հետ քաղաքակիրթ երկխօսութեան ճամբով կը յուսային հասնիլ արդարութեան, խաղաղութեան եւ համերաշխ կենակցութեան։
Նման պատրանքի կամայ թէ ակամայ անձնատուր եղած Սուրիոյ վարիչներու աչքին, Թուրքիա ցոյց տուաւ իր ծաւալապաշտական եւ կայսերապետական էութիւնը, երբ «Նոր Աշխարահակարգ»ի հաստատման համաշխարհային յորձանուտին մէջ նետուեցաւ՝ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու եւ «օսմանեան» իր «հակակշիռ»ը վերստին տարածելու միակ մտասեւեռումով։
Սուրիական պետութեան ոսկորին հասած է այսօր թրքական թունաւոր դաշոյնը եւ եթէ ստոյգ կործանումէ խուսափելու յոյս մը կայ, փրկարար այդ գործօնը նոյնինքն թուրք հասարակութեան ծոցէն եւ ընկերային հողի վրայ թափ առնող ծառացումն է թրքական պետութեան մերօրեայ այլամերժութեան դէմ։
Բացառուած չէ, հարկաւ, որ թրքական «գարուն»ի առաջին այս ազդանշանները եւս կը հետեւին մեծապետական «Նոր Աշխարհակարգ»ը առաջնորդող ուժերուն կողմէ խրախուսուած ըլլալու օրինաչափութեան։
Նոյնիսկ այդ պարագային յուսադրիչ է, որ մեծապետական ուժի խոշորագոյն կեդրոնները իրենց հերթին կ՛անդրադառնան, որ թրքական պետութեան պարանով կարելի չէ հոր իջնել։ Այդ հաշուարկով ալ Թուրքիոյ ներքին խռովութեանց գործօնը կը խրախուսեն, որպէսզի «կարգի մէջ» պահեն Էրտողանները։
Ենթադրութեանց եւ հաւանական զարգացումներու հանելուկային ոլորապտոյտէն հեռու մնալով՝ Միջին Արեւելքի ներկայով ու ապագայով տագնապող այլ ժողովուրդներու եւ երկիրներու շարքին, յատկապէս Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունին ոչ միայն ակնդէտ հետեւելու թրքական խռովութեանց հետագայ ընթացքին, այլեւ նախաձեռնարկ ըլլալու թրքական պետութեան թոյլ կէտերուն վրայ ճնշելու քաղաքականութեան։
Երկու տարի է, արդէն, որ ահազանգը կը հնչէ հայրենամերձ գօտիի հայօճախներուն սպառնացող այն վտանգին դէմ, որուն աղբիւրը Սուրիոյ ուղղութեամբ թրքական յարձակողականն է։
Հայաստանի ու հայութեան համար, անշո՛ւշտ, Սուրիոյ հայութեան օգնութեան հասնելու զօրաշարժը համազգային առաջնահերթ նշանակութիւն ունի։ Նոյնքան ռազմավարական առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կռուանով՝ Միջին Արեւելքը հայաթափ ընելու թրքական նենգ քաղաքականութիւնը մերկացնելու եւ ըստ արժանւոյն դիմագրաւելու քաղաքական զօրաշարժը։
Մինչդեռ, այս տողերը գրուած պահուն, Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը, պաշտօնական լուսարձակները բացած, համայն հայութեան կը ցուցադրէ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդին յատուկ նիստը, որուն նախաձեռնելով՝ Հայաստանի նախագահը կ՛ուզէ մեր ժողովուրդին զգուշացնել, թէ Ատրպէյճան իր քարիւղէն շահած միլիառաւոր տոլարները Պաքուի բռնապետին ինքնաքարոզչութեան ծառայող նպատակներու համար կը գործածէ եղեր…
Ատրպէյճանը ածանցեալ վտանգ է սակայն։
Բուն վտանգը՝ Հայաստանի եւ հայութեան ազգային անվտանգութեան սպառնացող թիւ 1 սպառնալիքը կու գայ թրքական պետութենէն, որ աղբիւրն իսկ է ատրպէյճանական եւ ոչ միայն ատրպէյճանական, այլեւ համաթրքական ախորժակներու հետեւանք ամէն չարիքի։
Թրքական «գարուն»ին դէմ յանդիման, ուշացած ըլլայ անիկա թէ սոսկ «Նոր Աշխարհակարգ»ի վերադասաւորման ծառայէ, հայ քաղաքական միտքը չի կրնար, իրաւունք չունի շրջանցելու առաջնահերթ օրակարգը թրքական պետութեան մարմնաւորած վտանգի դիմագրաւման։