ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունիս 20ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Քէյ Մուրատեանի «Մօրս Ձայնը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը: 25 վայրկեաննոց վաւերագրական այս շարժապատկերը անգլերէնով է:
«Մօրս Ձայնը» կը պատմէ Հաճընէն 14ամեայ Ֆլորա Մունուշեանի՝ Քէյ Մուրատեանի մօր, սրտառուչ պատմութիւնը: Ֆլորան, Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին կորսնցուցած է իր ընտանիքը ու Միացեալ Նահանգներ հասած՝ ամուսնանալով մէկու մը հետ, որուն լուսանկարին ծանօթ էր միայն:
Ֆիլմը առաջին անգամ ցուցադրուած է Թորոնթոյի «Փոմըկրանեթ» շարժապատկերի փառատօնին՝ արժանանալով պատուոյ յիշատակութեան: Անիկա ցուցադրուեցաւ նաեւ անցեալ տարուան Լոս Անճելըսի «Արփա» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին:
Յունիս 20ի ձեռնարկը կը հովանաւորուի Կլենտէյլի գրադարանի Արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին կողմէ:
Մուտքը ազատ է, իսկ գրադարանին հասցէն է՝ 222 E. Harvard Street, Glendale CA, 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին, (818) 548-3288 թիւով կամ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.