ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օտար ներդրումներու նուազումը բաւական մեծ եղած է նախորդ տարի, նոյնիսկ հասած է մտահոգիչ տարողութիւններու, դիտել տուած է Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վահրամ Աւանեսեանը՝ յոյս յայտնելով, որ 2013ին եւս նոյն պատկերը չի պարզուիր։ «Մենք այսօր ունենք մի քանի տեսակի ծրագրեր, որոնք ենթադրաբար պէտք է լրացնեն այն ծրագրերի տեղը, որոնք արդէն չկան: Կոմունիկացիաների համակարգը, որը բաւականաչափ ներդրումներ էր բերում, եւ շինարարութեան համակարգի մասով ներդրումները փաստօրէն էլ չկան», դիտել տուած է նախարարը:
Անոր համաձայն, արդիւնաբերութեան եւ մնացեալ ճիւղերուն մէջ ներդրումներու քանակը բաւականաչափ ժամանակ կը պահանջէ, որպէսզի տարբերակուին, այսինքն՝ լուրջ հարցեր կան ճիւղային ներդրումներու տեսանկիւնէն: Վահրամ Աւանեսեան նշած է, որ Հայաստան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ երկիրներ, արտաքին ներդրումներու իմաստով տատանողական են եւ կախեալ են նաեւ երկրի տնտեսական կառուցուածքէն:
«Ներդրումների քանակը կախուած է մի շարք գործօններից, օրինակ, թէ Հայաստանն յառաջիկայ տարիներին ինչ ճիւղերում կը կարողանայ ունենալ առեւտրի լուրջ հաւելումներ: Եթէ մենք կարողանանք առաջ մղել մեր ազատ առեւտրի պայմանագրերը եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարենք մեր բոլոր շուկաներում, ապա մեր առեւտուրը կ՛աւելանայ», նշած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ ատիկա իր կարգին պիտի նպաստէ արտաքին ներդրումներու յաւելման:
2012ի Դեկտեմբերի աւարտին Հայաստանի միջազգային ներդրումային դիրքը 250,09 միլիոն տոլարով կամ 3.7 տոկոսով նուազած է եւ կազմած 6,835,43 միլիոն տոլար: Հայաստանի միջազգային ներդրումային դիրքի դրութեան մասին Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, Դեկտեմբերի աւարտին երկրի արտաքին ելեւմուտքի աշխուժութիւնը կազմած է 4934 միլիոն տոլար՝ հաշուետու ժամանակահատուածին աւելնալով 6.32 միլոին տոլարով կամ 0.13 տոկոսով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.